ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԸ՝ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018-ին, «Նորսիկեան» մանկապարտէզի փոքրիկները նշեցին Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը: Երեխաները երգեցին Լիբանանի քայլերգը՝ արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով  եւ այլ հայրենասիրական երգեր, ինչպէս նաեւ տողանցեցին զինուորներու պէս:

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ին, Ճեմարանը մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումին, որուն մասնակցեցան 12 վարժարաններ: Ճեմարանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Աղասարգիսեան, Վահագն Հաշէօլեան (Զ. դասարան) Ալիք Թենպէլեան, Սեւակ Զարմէնեան (Է. դասարան), Գալին Գիլէճեան եւ Կլորիա Ժալըֆեան (Ը. Դասարան):  Զարգացման մրցումը կ’ընդգրկէր պատմական, աշխարհագրական,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ ՄԸ

Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին յարկաբաժին մը՝ Ծաղկաձոր (Մըզհեր) շրջանին մէջ, ծանօթանալու համար տան մը զանազան բաժանումներուն:  Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերին, անոնք իրենց դասարաններէն ներս շինեցին շէնք մը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՕԴՈՒԺԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԽԱՐԻՍԽ

Լիբանանի անկախութեան տօնին ընդառաջ, Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները՝ իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը (قاعدة بيروت الجوية‎): Այցելութեան ընթացքին, սպաները աշակերտներուն ներկայացուցին կառոյցին տարբեր շէնքերն ու բաժանումները: Աշակերտները առիթը ունեցան տեսնելու լիբանանեան օդուժին պատկանող քանի մը ուղղաթիռներ, բարձրացան անոնցմէ մէկը եւ…

ԿԱԼԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Քէշիշեան արժանացած է «Հայոց աշխարհի մայրաքաղաքները» խորագիրը կրող Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 8-րդ մրցոյթ-փառատօնի հիմնական մրցանակին: Կը շնորհաւորենք Կալին եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն: Կցուած՝ Կալի Քէշիշեանի «Երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագրեալ գծագրութիւնը:

ԿԱԼԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Քէշիշեան արժանացած է «Հայոց աշխարհի մայրաքաղաքները» խորագիրը կրող Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 8-րդ մրցոյթ-փառատօնի հիմնական մրցանակին: Կը շնորհաւորենք Կալին եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն: Կցուած՝ Կալի Քէշիշեանի «Երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագրեալ գծագրութիւնը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ

Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասանիւթի ծիրէն ներս, ուսումնասիրելէ ետք նաւահանգիստներու կարեւոր դերը պետութիւններու զարգացման մէջ, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, այցելեցին Պէյրութի նաւահանգիստը: Հոն աշակերտներն ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ընդունուեցան նաւահանգիստի տնտեսական հարցերու տնօրէն եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Րաֆֆի Աշգարեանին կողմէ: Պրն. Աշգարեան մեծ համբերութեամբ եւ մանրամասնութեամբ աշակերտներուն…

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԺԱ. ԵՒ ԺԲ. ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ

Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2018-ին Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, այցելեցին Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին: Աշակերտները այս այցելութեամբ իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Նախարարական ժողովասրահէն ներս աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ խօսք առնելու եւ իրենց…

ԾԻԾԵՌՆԱԿՆԵՐ

Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018, տարրական բաժնի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն շինեցին գունաւոր ծիծեռնակներ:

ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն դպրոցական օրը նուիրուած էր առողջ ապրելակերպի եւ մարմինի մաքրութեան: Օրուան նպատակն էր երեխաներուն մօտ ամրապնդել առողջ ապրելակերպի եւ մարմինի մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ: Փոքրիկները դպրոց եկած էին սովորական հագուստներով եւ մարզակօշիկներով: Իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերած էր իր ակռայի խոզանակը,…

«ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» երաժշտական քոլեճի ամավերջի հանդէս

Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Ելոյթ ունեցան 7-րդ դասարանի շրջանաւարտները, որոնց կարգին Մել. Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն 2 աշակերտ։ Նարեկ Մեսրոպեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց Բ….

ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները պատրաստեցին կարկանդակ մը: Անոնք նախ դիտեցին եւ բաղդատեցին տանձն ու խնձորը, որմէ ետք, իրենց ուսուցչուհիներուն օգնութեամբ պատրաստեցին համեղ կարկանդակ մը: