ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան Թանգարանը: Աշխարհագրութեան «Նախապատմութեան» դասին ծիրէն ներս այս այցելութիւնը կը միտէր աշակերտներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել նախապատմութեան տարբեր հանգրուաններն ու նախամարդուն եղափոխութիւնը: Այցին սկիզբը, թանգարանի անձնակազմը ողջունեց Ճեմարանի փոքրիկ հնագէտները,…

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՈՒՌ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին փուռ մը, Ծաղկաձորի մէջ, եւ պատրաստեցին ծոթրինով հաց: Փոքրիկները հաճոյքով խմորը բացին եւ փուռին մէջ եփեցին: Երբ դպրոց վերադարձան, անոնք մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց պատրաստած ծոթրինով հացերը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՆԵՐ

Եօթներորդ դասարանի ընդհանուր պատմութեան առաջին դասը բիւզանդական կայսրութեան մասին էր. աշակերտները ծանօթացան անոր պատմութեան գլխաւոր անցուդարձերուն ու մօտէն ուսումնասիրեցին մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը, որ կայսրութեան քաղաքական, կրօնական և տնտեսական կեդրոնն էր: Հոս կը գտնուէին կայսերական պալատները, Ուղղափառ քրիստոնեաներուն եկեղեցիները, որոնց մէջ կարելի է առանձնացնել Սուրբ Սօֆիա գլուխ գործոց եկեղեցին և…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեան կեդրոնի եւ հսկողութեամբ Ճեմարանի հիւանդապահուհիին, 28 Նոյեմբերէն 9 Դեկտեմբեր 2016, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ առողջապահական ընդհանուր քննութիւն (մարմին, ակռայ եւ տեսողութիւն) մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն: Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ուղարկուեցան նաեւ Գարակէօզեան կեդրոն յատուկ մեքենայով ակնաբուժական քննութեան ենթարկուելու(Microscope optique):

«ԻՄ ԱՐՑԱԽ»

Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր աւարտական դասարանէն Սանան Թապագեան անդրադառնալէ ետք Ռատիոթոնի նպատակին, ըսաւ. «Մեր նուիրած չնչին գումարները քով-քովի բերելով ամէն տարի Արցախի մէջ կը կառուցուին ճամբաներ, ջրանցքներ, բնակարաններ. անցնող տարիներուն իրագործուեցան օրինակ՝ Արցախի Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարումը եւ…

ԶՐՈՅՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՎԻԳԷՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ին, երկրորդական բաժինի ԺԲ. գրական եւ ԺԱ. դասարաներու աշակերտները առիթը ունեցան զրուցելու Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի հետ` օգտուելով վերջինիս Լիբանան այցելութենէն: ԺԲ. գրական դասարանէն Սէրուժ Յովսէփեան ողջունեց Վիգէն Թիւֆէնքճեանը եւ իր ընկերներուն ծանօթացուց զայն: Երկար տարիներու ուսուցչական ասպարէզի եւ անգլերէն գրականութեան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան եւ գիտութեան ուսուցիչներուն հետ այցելեցին Ժպէյլի բերդը: Այցելութիւնը նպատակ ունէր աշխարհագրութեան «Լիբանանի քաղաքները» դասի ծիրէն ներս, Ժպէյլ քաղաքի պատմութիւնը ծանօթացնել աշակերտներուն: Այս ուղղութեամբ, Ժպէյլի բերդին ուղեցոյցը աշակերտներուն մատչելի բառամթերքով եւ հետաքրքրական ոճով ներկայացուց խաչակիրներուն կողմէն շինուած բերդին պատմութիւնը:…

«ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ» ՆԻՒԹՈՎ ՎԱՐԺԱՆՔ

Ներկայ ժամանակներուն, դասարանի կառավարման (class management) խնդիրը բոլոր դպրոցներէն ներս արծարծուող գլխաւոր նիւթերէն մէկն է: Արդարեւ, անհանդարտ մանուկներու աճող թիւը սկսած է ազդելու դասի մատուցման եւ ամրապնդման աշխատանքին վրայ, եւ այս նիւթը ուսուցիչներու գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է: Գարակէօզեան հիմնարկի «մասնաւոր կրթութեան» ծառայութեան կեդրոնը իր սիրայօժար ներդրումը ունեցաւ՝ այս նիւթով…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն համար կազմակերպուեցան ուսման կողմնորոշման հանդիպումներ հետեւեալ համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ. ALBA, ANTONINE, LAU, HAYGAZIAN, NDU, USJ, AUB, USEK: Իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ խօսեցաւ համալսարանէն ներս գոյութիւն ունեցող զանազան մասնագիտութիւններուն, ինչպէս նաեւ մուտքի եւ կրթանպաստի դրութիւններուն մասին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութի «Այն Մրէյսի» շրջանը: Անոնք արաբերէն լեզուով բացատրութիւններ ստացան շէնքերու, ճաշարաններու, պանդոկներու, Ամերիկեան համալսարանին, փարոսին, ձկնորսներուն, նաւերուն եւ ծովափը զբօսնող անցորդներուն մասին: Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին քաղաքի մասին իրենց սորված բառամթերքը: