ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան եւ գիտութեան ուսուցիչներուն հետ այցելեցին Ժպէյլի բերդը:

Այցելութիւնը նպատակ ունէր աշխարհագրութեան «Լիբանանի քաղաքները» դասի ծիրէն ներս, Ժպէյլ քաղաքի պատմութիւնը ծանօթացնել աշակերտներուն: Այս ուղղութեամբ, Ժպէյլի բերդին ուղեցոյցը աշակերտներուն մատչելի բառամթերքով եւ հետաքրքրական ոճով ներկայացուց խաչակիրներուն կողմէն շինուած բերդին պատմութիւնը:

Աշակերտները մտան բերդ, բարձրացան անոր աշտարակներէն մէկը եւ ուսումնասիրեցին անոր տարածքը՝ պահ մը իրենք զիրենք դնելով փիւնիկեցիներու տեղ: Ապա անոնք մտան բերդէն ներս գտնուող փոքրիկ թանգարանը, ուր տեսան փիւնիկեցիներէն մնացած քանի մը հնութիւններ: Այնուհետեւ, մեր փոքրիկ զբօսաշրջիկները առիթը ունեցան շրջելու բերդին յարակից տարածքի աւերակներուն մէջ, անցան փիւնիկեցիներուն սրբավայրը համարուող արքայական դամբարանէն եւ ուղղուեցան դէպի հռոմէական թատրոնը, ուր պահ մը նստան եւ ուղեցոյցին հրամցուցին երկու հայրենասիրական երգեր՝ արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով:

Պտոյտի աւարտին, աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ուղեցոյցին, անցան Ժպէյլի շուկային մէջէն եւ ուղղուեցան դէպի ծովափ, ուր քարերուն վրայ նստան ու վայելեցին ծովը: Աշակերտները դպրոց վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ եւ պատմական գիտելիքներով հարստացած: