ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար, 2016-ին, Ճեմարանի տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի ուսուցչական կազմը մասնակցեցաւ վերապատրաստման երեք տարբեր վարժանքներու: Լեզուի ուսուցիչները մասնակցեցան ուղղագրութեան ուսուցման վարժանքին: Նիւթը մատուցեց Սէն Ժոզէֆ եւ Պալամանտ համալսարաններու դասախօս, փորձառու մանկավարժ եւ լեզուի դասագիրքերու ծանօթ հեղինակ՝ Տօքթ. Քոլէթ Աուն: Ուսուցիչները ծանօթացան մարդկային ուղեղի տարբեր ունակութիւններուն եւ ուղղագրութիւնը…

ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՎԱՀԷ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Փետրուար 2016-ին, Ճեմարան այցելեց գեղանկարիչ Վահէ Պարսումեան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ: Այցելութեան աւարտին, Վահէ Պարսումեան Ճեմարանի նուիրեց գեղանկար մը, որուն համար կը յայտենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:

ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ

Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան չորս պահերու ընթացքին նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «վերամշակում» նիւթը: Աշակերտները միասնաբար կատարեցին «աղբի զտումի փորձ» դասարանէն ներս: Անոնք տունէն բերին տարբեր տեսակի վերամշակուող իրեր (կերպընկալ, ապակի, թուղթ, թիթեղ) եւ զանոնք ղրկեցին վերամշակման կեդրոն: Աշակերտները նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը դիտեցին գործարաններու մէջ աղբերու…

ՄԱՐԴԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Տոքթ. Իշխան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս ուտելիքները կ’ազդեն մեր առողջապահութեան եւ ակռաներուն վրայ: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային դաստիարակութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան նախակրթարանի Ե. Դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «Bullying» (բռնադատում) նիւթը՝ զրոյց-դասախօսութեամբ եւ տեսերիզներու ցուցադրութեամբ:

«ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ-2015»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Պզտիկ Մզտիկ մանկապատանեկան յաւելուածի «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Դ. դասարանէն Լոռի Մխճեան (1 սխալ) եւ Շանթ Յովակիմեան (2 սխալ) Ե. Դասարանէն Կլօրիա Ժալըֆեան (1 սխալ) Զ. դասարանէն Հրակ Լախեան եւ…