ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն համար կազմակերպուեցան ուսման կողմնորոշման հանդիպումներ հետեւեալ համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ. ALBA, ANTONINE, LAU, HAYGAZIAN, NDU, USJ, AUB, USEK:

Իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ խօսեցաւ համալսարանէն ներս գոյութիւն ունեցող զանազան մասնագիտութիւններուն, ինչպէս նաեւ մուտքի եւ կրթանպաստի դրութիւններուն մասին: