ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՈՒՌ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին փուռ մը, Ծաղկաձորի մէջ, եւ պատրաստեցին ծոթրինով հաց:

Փոքրիկները հաճոյքով խմորը բացին եւ փուռին մէջ եփեցին: Երբ դպրոց վերադարձան, անոնք մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց պատրաստած ծոթրինով հացերը: