«ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ» ՆԻՒԹՈՎ ՎԱՐԺԱՆՔ

Ներկայ ժամանակներուն, դասարանի կառավարման (class management) խնդիրը բոլոր դպրոցներէն ներս արծարծուող գլխաւոր նիւթերէն մէկն է: Արդարեւ, անհանդարտ մանուկներու աճող թիւը սկսած է ազդելու դասի մատուցման եւ ամրապնդման աշխատանքին վրայ, եւ այս նիւթը ուսուցիչներու գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է:

Գարակէօզեան հիմնարկի «մասնաւոր կրթութեան» ծառայութեան կեդրոնը իր սիրայօժար ներդրումը ունեցաւ՝ այս նիւթով վարժանք մը մատուցելով Ճեմարանի մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի ուսուցիչներուն,19 եւ 25 Նոյեմբեր 2016-ին:

Կեդրոնի հոգեբաններէն Կրէյս Վարդան իր ընդհանուր փորձառութիւնն ու ցուցմունքները փոխանցելէ ետք, մտիկ ըրաւ ուսուցիչներու դիմագրաւած դասարանային կարգապահական հարցերը, դիտեց անհանդարտ մանուկներու ընթացքը դասարանէն ներս եւ իւրաքանչիւր պարագայի յարմարող նոր ցուցմունքներ տուաւ ուսուցիչներուն: