ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութի «Այն Մրէյսի» շրջանը:

Անոնք արաբերէն լեզուով բացատրութիւններ ստացան շէնքերու, ճաշարաններու, պանդոկներու, Ամերիկեան համալսարանին, փարոսին, ձկնորսներուն, նաւերուն եւ ծովափը զբօսնող անցորդներուն մասին:

Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին քաղաքի մասին իրենց սորված բառամթերքը: