ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 20 Փետրուար 2013-ին վարդագոյն դասարաններու փոքրիկները այցելեցին դպրոցին մօտակայ շէնք մը եւ դիտեցին անոր զանազան բաժանումները, ինչպէս՝ մուտքը, վերելակը, յարկերը…։ Այս այցելութեամբ անոնք ամրապնդեցին դասարանէն ներս իրենց սորված բառամթերքը։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի, 18 եւ Երեքշաբթի 19 Փետրուար 2013-ին, տեղի ունեցան Արցախի ազատագրական պայքարի մասին դասախօսութիւններ՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն։ Ճեմարանի շրջանաւարտ Վարագ Գեթսեմանեան Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց ազատագրական պայքարը՝ նկարներու ցուցադրութեամբ։ Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ուսուցիչ Քրիստափոր Միքայէլեան Զ. եւ Է. դասարանի աշակերտներուն նախ ներկայացուց մեր…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2013-ին, ԺԲ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուսման կողմնորոշման մասին դասախօսութեան մը։ N.D.U. համալսարանէն Տիկին Գարլա Սֆէյր ներկայացուց համալսարանի տարբեր բաժանմունքներն ու մասնագիտութիւնները եւ շեշտեց երեք կէտեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին մասնագիտութիւն եւ համալսարան ընտրելու ժամանակ։ -Համալսարանը պէտք է վաւերացում ունենայ։ -Տուեալ մասնագիտութեան կարիքը ըլլայ։…

Դ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2013-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները նշեցին բարեկենդանը հետեւեալ յայտագրով. առաւօտեան ժամը 7։30-ին տեղի ունեցան բարեկենդանի տօնին եւ աւանդութիւններուն մասին աշակերտական ներկայացումներ։ Ժամը 8։00-ին, աշակերտները պատրաստեցին իրենց դիմակները, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ժամը 10։00-ին աշակերտները դիմակներով շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները եւ հատիկ հրամցուցին։ Հաճելի ժամեր անցընելէ…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 6 Փետրուար 2013-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր, խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցուցին։

ԱՃՊԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 5 Փետրուար 2013-ին, մանկապարտէզի ու տարրական բաժինի աշակերտները հաճելի ժամ մը անցուցին դիտելով ձեռնածու Միքիին աճպարարութիւնները։ Խումբ մը աշակերտներ բախտը ունեցան բեմ բարձրանալու եւ մասնակցելու խաղերուն։

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԸ

Երկուշաբթի, 4 Փետրուար 2013-ին, մանկապարտէզի փոքրիկները հայրենասիրութեամբ եւ Քաջ Վարդանի զինուոր դառնալու փափաքով տոգորուած՝ տողանցեցին մանկապարտէզի բակին մէջ: Փոքրիկները իրենց գլխուն կը կրէին Քաջ Վարդանին թագերը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ երգեցին Վարդանի ու Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած երգեր եւ պարեցին հայկական պարեր:

Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի դամբանախօսութիւնը՝ Անթուան Քեհեայեանի (ՍԸՐ) մահուան յուղարկաւորութեան

Քանի մը օր ետք, 5 Փետրուարին, ՍԸՐ-ը 91 տարեկան պիտի ըլլար։ Բազմաշերտ խառնուածքով ու եզակի նկարագրով այս մարդը ամէն բանէ առաջ ուսուցիչ էր։ Եկած Կիպրոսէն, հայերէն հազիւ իմացող, աւելի շատ թրքախօս, բայց սքանչելիօրէն բազմաթիւ լեզուներու գիտակ Պրն. Անթուանը (անգլերէնի կողքին գիտէր ֆրանսերէն եւ յունարէն), 1949-ին ինկած էր Ճեմարան,…

ԱՆԹՈՒԱՆ ՔԵՀԵԱՅԵԱՆ (ՍԸՐ)

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին կը մահանայ վաստակաւոր կրթական մշակ Անթուան Քեհեայեան։ Ծնած է Ատանա, 5 Փետրուար 1922-ին։ Գաղթականութեան ճամբուն վրայ, անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս։ Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՚անցընէ Կիպրոսի Ամերիկեան…

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժեն մահը ԱՆԹՈՒԱՆ ՔԵՀԵԱՅԵԱՆի (Սըր), որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ին, իր բնակարանին մէջ։

«ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԱԽՏԻՔԻ ՑՈՒՑԱՆԱԿ»Ի ԵՒ «ՍՈՒՐԷՆ ԵՒ ՍՈՆԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՍԵՆԵԱԿ»Ի ԲԱՑՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայ ճեմարանի երախտիքի ցուցանակ»-ին եւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: Ճեմարանի վարչական պատասխանատու փոխ տնօրէն Նորայր Նաճարեան բացուած յայտարարեց…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2012-ին, Կաղանդի ու Ամանորի նախօրեակին, Ճեմարանի Ը. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ժպէյլ՝ տօնական այս օրերուն կատարելու կարեւոր այցելութիւն մը, որ պիտի իմաստաւորէր Կաղանդի պատգամը։ Խանդավառութիւնը, սպասումը, հրճուանքն ու ոգեւորութիւնը ողողած էին բոլորին սրտերը։ Ամբողջ ճամբուն ընթացքին, աշակերտները կը ծիծաղէին, կը խօսակցէին ու կ՚երգէին։ Յանկարծ… Ժպէյլ…