ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2012-ին, Կաղանդի ու Ամանորի նախօրեակին, Ճեմարանի Ը. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ժպէյլ՝ տօնական այս օրերուն կատարելու կարեւոր այցելութիւն մը, որ պիտի իմաստաւորէր Կաղանդի պատգամը։ Խանդավառութիւնը, սպասումը, հրճուանքն ու ոգեւորութիւնը ողողած էին բոլորին սրտերը։ Ամբողջ ճամբուն ընթացքին, աշակերտները կը ծիծաղէին, կը խօսակցէին ու կ՚երգէին։ Յանկարծ… Ժպէյլ քաղաքի մուտքին, անկիւնի վրայ, շատ աննշան ու մաշած երկաթէ ձողի մը վրայ հայատառ գրուած էր «Թռչնոց Բոյն»։ Բոլորին ուշադրութիւնը մէկ տեղ էր, ու ձայները հետզհետէ կը դադրէին, նայուածքները սեւեռած էին հոն, այդ փոքրիկ հայատառ նշանին՝ «Թռչնոց Բոյն»։ Անոնք շատ լսած էին այդ անունը, գիտէին որ այնտեղ ընդհանրապէս անտէր ու որբ մանուկներ կ՚ապաստանէին… Աշակերտները անհամբեր եւ ուշի ուշով սկսան դիտելու չորս կողմը։ Բացուեցաւ երկաթէ դարպասը, ու ներս մտանք։ Շատ գեղատեսիլ, ընդարձակ, ծովահայեաց այս վայրը ունէր շատ յիշատակներ ու պատմութիւններ, զորս բոլորս ակամայ մտաբերեցինք։ Ջերմ ընդունելութեամբ մեզ ողջունեցին հաստատութեան տնօրէն Պրն. Սամուէլ Պոյաճեանը, հսկիչ Պրն. Մինասը, քարտուղարուհի Օրդ. Թալինը եւ այլ պաշտօնեաներ, որոնք բոլորը հոն կը բնակին «Թռչնոց Բոյն»ի 40 աշակերտներուն հետ, ու այս նուիրեալ անձնակազմը կը խնամէ զիրենք հարազատ ծնողներու պէս։ Ճեմարանի աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ տեղադրեցին իրենց բերած ուտելիքներն ու նուէրները սրահին մէջ, ուր Պրն. Սամուէլ Պոյաճեան ողջունեց զիրենք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իւրաքանչիւր անձ թէկուզ փոքր օժանդակութեամբ օգտակար դարձաւ «Թռչնոց Բոյն»ին։ Բոլորը շատ զգացուած ու լուռ էին։ Քիչ ետք փոքր խումբեր կազմուեցան. անոնք իրարու հետ կը զրուցէին եւ իրենց փորձառութիւնները կը փոխանակէին։ Անդին, խումբ մը աշակերտներ ոտնագնդակ եւ կողովագնդակ կը խաղային, այլ խումբ մը արեւին ջերմութեան տակ կը ճեմէր ու կը խօսակցէր։ Ճաշի ժամն ալ վերջացաւ…ու հասաւ հրաժեշտի պահը… Մեծ դժուարութեամբ բաժնուեցանք իրարմէ։ Տակաւին ինչեր կային խօսելիք ու պատմելիք… սակայն պէտք էր մեկնիլ։ Ողջագուրումներ, համբոյրներ… ու թաց աչքերով խոստումնալից նայուածքներ…։ Նայուածքներ, որոնք կ՚ըսէին, թէ դարձեալ պիտի հանդիպին։ Հանրաշարժը քարքարոտ ճամբայէն արդէն կը քալէր, ցնցելով մեզ ու խանգարելով մեր մտածումները… Լուռ էին բոլորը… եւ բոլորին աչքերուն մէջ կը շողար խոստումը…կը շողար գոհունակութիւնը եւ անհուն սէրը՝ հանդէպ բոլոր այն փոքրերուն, որոնք զուրկ են անոր ջերմութենէն։ Նայեցայ երկաթեայ ձողին… ու փնտռեցի հայատառ գիրերը՝ «Թռչնոց Բոյն»… չէին երեւեր…հեռացեր էինք…։ Ներկայ մը