ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Երեքշաբթի,19 Մարտ, 2013-ին։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիտեցին գիրքերը։ Ցուցահանդէսին ընթացքին, Թ. դասարաններու աշակերտները առիթը ունեցան դիտելու Համազգայինի 81-ամեայ երթը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2013-ին, Աւագ շաբթուան նախօրեակին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Տաճատ աշակերտները ծանօթացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժիններուն եւ եկեղեցական իրերուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, Ուրբաթ, 15 Մարտ, 2013-ին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա պատասխանեցին թանգարանի այդ բաժնի հաղորդավարին հարցումներուն, որմէ ետք թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Մարտ 2013-ին, Մոն Լա Սալի մէջ,մասնակցեցաւ Լեռնալիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Ճեմարանի պարի խմբակը երկրորդ հանդիսացաւ փոքր աղջիկներու պարախումբերու դասակարգին։

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրի փոքրիկները իրենց առօրեան կ՚անցընեն խաղերով, երգերով, չափականութեամբ ու ձեռային աշխատանքով։ Ուրախ, խանդավառ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ անոնք կը սորվին ազատ ու համարձակ արտայայտուիլ՝ իւրացնելով միշտ նոր բառամթերք։ Մանկամսուրի փոքրիկը հետզհետէ կը դառնայ ինքնաբաւ, երբ կը սորվի առողջապահութեան մասին ու ինք կը լոգցնէ պուպրիկը, երբ կարկանդակի պատրաստութեան…

ԿՈՉ
Ճեմարանականներուն եւ Ճեմարանի բարեկամներուն

Համազգայինի Հայ Ճեմարանի (Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ապա՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան) բազմավաստակ ուսուցիչ Անթուան Քեհեայեանի (Սըր) մահը ցաւով ու ափսոսանքով ընկալուեցաւ իրեն աշակերտած բազմահազար ճեմարանականներու ու Ճեմարանի բարեկամներու կողմէ։ Անթուան Քեհեայեանը գրեթէ կէս դար սպասարկեց հայ դպրոցին ամբողջական նուիրումով, սիրով, հայ աշակերտին ու շրջապատին օգտակար հանդիսանալու անմնացորդ…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2013-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան դասապահ մը՝ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան աշակերտներուն խօսեցաւ մարդակազմութեան, երկրորդական սեռային յատկութիւններուն եւ սերնդագործութեան մասին, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ՄԱԿԻՉԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2013-ին, արցախի ազատամարտիկ-երգիչ Մակիչ (Մկրտիչ Մկրտիչեան) այցելեց Ճեմարան։ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադարձաւ Արցախի ազատագրական պայքարի 25 ամեակին՝ հայ ժողովուրդի նորագոյն յաղթանակին, եւ աշակերտներուն ներկայացուց Մակիչը, որ ազգային-հայրենասիրական քանի մը երգերով խանդավառեց աշակերտները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ST. JUDE ԿԵԴՐՈՆԷՆ

Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2013-ին, Children’s Cancer Center – St. Jude Կեդրոնէն Մամտուհ Նուրի եւ Մարիա Մամլուք այցելեցին Ճեմարան եւ նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտներուն ներկայացուցին Կեդրոնը՝ տեսերիզով մը։ Աշակերտները հարցումներ ուղղեցին եւ լաւապէս ծանօթացան Կեդրոնի հսկայական աշխատանքներուն։ St. Jude Կեդրոնը կ՚ընդունի քաղցկեղէ վարակուած փոքրիկները մինչեւ 18 տարեկան՝ բոլորովին ձրի։…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2013-ին, միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ գացին ձիւնագնացութեան՝ դէպի Ֆարայա եւ Այուն Սիման։ Թէեւ օդը պայծառ չէր, սակայն աշակերտներուն խանդավառութիւնը ջերմացուց մթնոլորտը։ Աշակերտները ճաշեցին Հրաժէլի Mount Smash club-ին մէջ եւ վերադարձան դպրոց ժամը 2։00-ին։

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Երկուշաբթի, 18 Փետրուար 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները գացին «Univers d’Albert» հաճելի եւ օգտաշատ ժամանակ անցընելու համար։ Անոնք հոն պատրաստեցին հայրերու նուէրները։ Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2013-ին՝ երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Բ. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց հայրերուն հետ։ Անոնք ուրախ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրեցան անմոռանալի պահեր։ Իրենց…

«PORTES OUVERTES»

Չորեքշաբթի, 20 Փետրուար 2013-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առիթը ունեցան առաւօտեան ժամը 8։00-ին իրենց զաւակներուն հետ մտնելու դասարան եւ դիտելու հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերը։ Այս հանդիպումը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։