ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «WOODEN BAKERY»

Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2016-ին տարրական բաժինի առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին «Wooden Bakery»։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «հացին պատմութիւնը»։

Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները, եւ իւրաքանչիւրը հաց ու կարկանդակներով լեցուն տուփիկ մը նուէր ստացած վերադարձաւ դպրոց: