ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2016-ին, նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանութեան եւ գծագրութեան մրցումին՝ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս:

Զ. դասարաններու արտասանութեան մրցումին երրորդ հանդիսացաւ Լոռի Եահնիեան: Զ. դասարաններու գծագրութեան մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ռիթա Սեմերճեան, իսկ Գարին Քիլէճեան առաջին հանդիսացաւ Ե. դասարաններու գծագրութեան մրցումին: