«ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ՝ ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄՆԻ ՄԷՋ»

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ մարզական օր: Մանկամսուրէն մինչեւ Երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները եւ դպրոցի անձնակազմին բոլոր անդամները՝ ուսուցիչ թէ պաշտօնեայ, առաւօտեան դպրոց եկան եռագոյն տարազներով։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներուն վրայ Ճեմարանի ջահը ձեռքին արշաւող մարզիկին նկարը օրուան կու տար ազգային երանգ։ Արդարեւ շաբաթ մը առաջ ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպող աշակերտները եկած էին հրաժեշտ տալու Ապրիլ ամսուան եւ առողջ մտքով ու մարմնով դիմաւորելու Մայիսը՝ մեր յաղթանակներու ամիսը: