ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։

Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ, ապա ուսումնասիրեցին հրշէջներու ինքնաշարժը եւ անոր զանազան բաժանումները։

Աշակերտները սորվեցան հրշէջի գործին կարեւորութիւնը: Անոնք ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։