ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԺԱ. ԵՒ ԺԲ. ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ

Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2018-ին Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, այցելեցին Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին:

Աշակերտները այս այցելութեամբ իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Նախարարական ժողովասրահէն ներս աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ խօսք առնելու եւ իրենց մտահոգութիւնները արտայայտելու: Պալատէն ներս, աշակերտները մասնակցեցան նաեւ խմբական դաստիարակչական զանազան աշխատանքներու:

Նախագահ Միշէլ Աունին հետ խմբային լուսանկարէն ետք աշակերտները դպրոց վերադաձան բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ:

Նարօտ Մերտխանեան

ԺԲ. դասարան