ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ

Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասանիւթի ծիրէն ներս, ուսումնասիրելէ ետք նաւահանգիստներու կարեւոր դերը պետութիւններու զարգացման մէջ, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, այցելեցին Պէյրութի նաւահանգիստը: Հոն աշակերտներն ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ընդունուեցան նաւահանգիստի տնտեսական հարցերու տնօրէն եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Րաֆֆի Աշգարեանին կողմէ:

Պրն. Աշգարեան մեծ համբերութեամբ եւ մանրամասնութեամբ աշակերտներուն փոխանցեց խիստ հետաքրքրական տեղեկութիւններ Պէյրութի նաւահանգիստին մասին: Այսպէս՝ ան բացատրեց,  որ Պէյրութի նաւահանգիստը տարբեր ժամանակաշրջաններու  ընթացքին, փիւնեկեցիներուն օրերէն սկսած, անցնելով Հռոմէական կայսրութեան օրերն ու Օսմանեան կայսրութեան տարիները, եղած է առեւտուրի գլխաւոր կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ՝ դէպի Միջերկրական ծովու զանազան ափերը բացուող պատուհան մը: Ներկայիս՝ համաշխարհայնացման շրջանին, Պէյրութի նաւահանգիստը Միջին Արեւելքի ամենազարգացած եւ եռուն նաւահանգիստն է եւ շնորհիւ իր դիրքին ու արդիական կազմածներուն, մեծ դեր կը խաղայ միջազգային վաճառականութեան մէջ:

Այցելութեան աւարտին, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ, որ ուղեկիցի մը ընկերակցութեամբ հանրաշարժով այցելեն նաւահանգիստին զանազան աւազանները եւ մանաւանդ մօտէն տեսնեն հոն գտնուող բեռնատար նաւերը, արդիական կռունկներն ու հսկայական բեռնարկղերը