ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն դպրոցական օրը նուիրուած էր առողջ ապրելակերպի եւ մարմինի մաքրութեան:

Օրուան նպատակն էր երեխաներուն մօտ ամրապնդել առողջ ապրելակերպի եւ մարմինի մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ:

Փոքրիկները դպրոց եկած էին սովորական հագուստներով եւ մարզակօշիկներով: Իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերած էր իր ակռայի խոզանակը, ակռայի դեղը, օճառ մը եւ անձեռոց մը:

Նախ, աշակերտները ստացան մաքրութեան վերաբերող գիտելիքներ: Այնուհետեւ անոնք ճաշակեցին առողջապահական նախաճաշ մը, որմէ անմիջապէս ետք խոզանակեցին իրենց ակռաներն ու օճառեցին իրենց ձեռքերը: Օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ մրգային աղցանի պատրաստութեամբ: Վերջապէս, փոքրիկները ստացան մարզանքի կարեւորութեան մասին յաւելեալ գիտելիքներ, ապա կատարեցին կարգ մը վարժանքներ: