ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը բարի վերամուտ կը մաղթէ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին եւ բոլորին: 2020-2021 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, ներկայիս ամբողջութեամբ առցանց դրութեամբ: Պատշաճելով օրուան կացութեան, յաջորդող օրերուն, հանգրուանային ձեւով, Ճեմարանի բոլոր աշակերտները մինչեւ 19 Հոկտեմբեր կը սկսին նոր տարեշրջանին: Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամային…

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հակառակ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական թէ համաճարակի ստեղծած ծանր պայմաններուն, Սեպտեմբեր ամսուն ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած են 2019-2020 տարեշրջանի աւարտական դասարանի 25 աշակերտներ, որոնցմէ յաջողած են 22 աշակերտներ: 9 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (1 շատ լաւ, 2 լաւ,…

Ի Ծնէ Ճեմարանականներ

Այս պարզ, կարճ, սակայն բովանդակալից նախադասութիւնը լսած եմ Պէյրութի  Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երախտարժան տնօրէն եւ կուսակցական ղեկավար՝ Հրաչ Տասնապետեանի հուսկ բանքի ընթացքին, 1972-ին,  աւարտական հանդէսին, ուր ներկայ էի հօրեղբօրս աղջկան՝ Սիլվային վկայուելուն առիթով: Տասնապետեան երբ կը ներկայացնէր շրջանաւարտ սերունդը, յիշեց թէ ոմանք մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական իրենց կրթական բովանդակ…

Հայեցի Դաստիարակութենէ Անդին, Պատնէշի Վրայ՝ Ուր Որ Ալ Ըլլան

Ժամանակին հօրս փափաքին ընդառաջելով, առիթներով միտքերս կ՚ամփոփէի եւ կը գրէի կարծիքներս։ Ցաւօք ըսեմ, որ շատոնց հայերէն չեմ գրած։ Երբ ինձմէ ալ խնդրուեցաւ Ճեմարանի 90-ամեակի առիթով յօդուած մը գրել, մտածեցի պարզ ըլլալ եւ տեսնել, թէ իմ անմիջական կեանքիս մէջ ո՞ւր է Ճեմարանը այսօր։ Պատասխանը շատ յստակ էր՝ ներկայիս իմ…

Ճեմարանական Մելգոնեանցիներ

Համազգայինի Ճեմարան քոյրս կը յաճախէր, իսկ ես՝ ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն: Զարմացողները քիչ չէին: Ոմանց համար քոյրս դաշնակցական էր, ես՝ ռամկավար, մինչ հայրս եւ մայրս՝  տարօրինակ արարածներ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Ս. Նշան վարժարանի իմ ընկերներէս Սարգիս Տէր Խաչատուրեանին (Շէնք Սարգիս) հետ, Մելգոնեանի մէջ դաշնակցական ճանչցուած…

Ճեմարան՝ Ժողովուրդի Բոլոր Խաւերու Զաւակներուն Դարբնոցը

1960 թուական: Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի աշակերտ՝ ուսումս շարունակելու տենչով տարուած, կարելիս կ՛ընէի, որ աւարտէի գերազանցութեամբ, որպէսզի ճեմարանական դառնայի: Ընտանեկան միջավայրս ներշնչած էր Ճեմարանի սէրը, զարմուհիս եւ քոյրս արդէն կը յաճախէին Ճեմարան: Տնօրէնը պարոն Սիմոն Վրացեանն էր, անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետը: Մ. Իշխանը պիտի ըլլար հայերէնի ուսուցիչս. խանդավառութիւնս…

Կեանք Մը Ճեմարան

Բարձրահասակ ու հաստ ակնոցներով ծերուկը երերուն քայլերով մուտք գործեց սրահ: Մտածեցի, որ, յարկը շփոթելով, սխալմամբ մտած է մեր մօտ: Զինք տեսնելով քար կտրած չարաճճի տղոց խումբը, որուն ե՛ս ալ մաս կը կազմէի, այդ օրուան առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, ընդոստ ոտքի ելած էր: Ցած ձայնով բոլորս բարեւելէ ետք՝ ժպտուն դէմքով…

Առանց եան-ի Իմ Ճանչցած Առաջին Հայը

Հաճելի էր անցեալ շաբաթներուն ընթացքին կարդալ Ճեմարանի մասին տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներուն յուշերը եւ յարգանքի բոլոր տուրքերը, որոնք կ’ուղղուէին անցեալին մէջ անշարժացած եւ պատուանդանի վրայ դրուած ուսուցիչներու հասցէին: Իւրաքանչիւր յօդուածի հետ կը փորձէի մտովին նոյն բանը ընել: Այցելել յիշողութեանս դարանները եւ Ճեմարանի տարբեր շէնքերուն, տարբեր դասարաններուն եւ հոն անցուցած…

55 ՏԱՐԻՆԵՐ՝ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Լաւ ուսուցիչ մը կը բացատրէ Շատ լաւ ուսուցիչ մը կը խանդավառէ Բացառիկ ուսուցիչ մը կը ներշնչէ Իսկ Տիկին Գարմէնը կեանք կը փոխէ Բոլորիս մէկ հատիկ աննման մեր Սիրելի Տիկին Գարմէն. Ամէն մէկս սնուցանած իր զաւկին նման առաջին օրէն. Երազային ճանապարհը սկսած 1953 թուին, Երբ տակաւին լուսնի վրայ մարդու ոտքի հետքեր իսկ չկային: Կը ներկայացնես…

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 16 Յուլիս 2020-ին, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի ներկայացուցիչները, որոնք փոխանցեցին Հիմնադրամի կողմէ Ճեմարանի յատկացուած գումարը։ Լիբանանահայ վարժարաններու զօրակցութեան ծիրէն ներս, 2019-ի Դեկտեմբերին իր տրամադրած 150.000 ամ. տոլարի նուիրատուութենէն ետք, հիմնադրամը անգամ մը եւս 55.000 ամ. տոլար յատկացուց վարժարաններուն: Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը…

ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ

2020-2021 տարեշրջանի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020-ին, ընթացք առաւ առցանց դասաւանդութիւններու վարժողական աշխատանոցներու շարքը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Շաղիկ Չափարեան ներկայացուց առաջին նիւթը՝ «Առցանց դասաւանդման մօտեցումներ, մեթոտներ եւ գործիքներ», որուն աւարտին ան պատասխանեց ուսուցիչներուն հարցումներուն։ Դպրոցի զանազան բաժիններու համար նախատեսուած, փոքրաթիւ խումբերով աշխատանոցներու շարքը…

ՄՆԱՅՈՒՆԸ

Պատկանելիութեան զգացումը կենսական է։ Զգացում մը, զոր ամէն մարդ անպայմանօրէն կ՚ապրի իր կեանքի ընթացքին։ Զգացում մը, զոր ամէն տեղ կարելի է գտնել, զանազան ձեւերով։ Զգացում մը, որ շատերու համար դժբախտաբար ժամանակաւոր է, իսկ ոմանց համար մնայուն։ Գեղեցիկ է պատկանելիութեան զգացումը, երբ մնայուն է։ Կը մեծնայ, կ՚աճի, աւելի՛ն՝ կը…