Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը բարի վերամուտ կը մաղթէ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին եւ բոլորին:
2020-2021 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, ներկայիս ամբողջութեամբ առցանց դրութեամբ: Պատշաճելով օրուան կացութեան, յաջորդող օրերուն, հանգրուանային ձեւով, Ճեմարանի բոլոր աշակերտները մինչեւ 19 Հոկտեմբեր կը սկսին նոր տարեշրջանին:
Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամային այս օրերուն, Ճեմարանը արդէն երեք ամիսներէ ի վեր նախաձեռնած էր առցանց նուիրահաւաքի, որմէ գոյացած գումարին 83.866 ԱՄՆ տոլարն ու 52.765.750 Լ.Ո.-ն յատկացուած են Ճեմարանի Սաներու Ֆոնտին, ինչպէս նաեւ՝ անցնող տարեշրջանի կրթաթոշակներուն ընդհանուր զեղչին: Այս ծիրէն ներս, այս վերամուտին եւս, Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակը կը շարունակէ իր ծաւալուն գործունէութիւնը, ինչպէս միշտ, իւրաքանչիւր տարեշրջանի զանազան ձեւի նպաստներով օգտակար հանդիսանալ Գրասենեակ ներկայացող ծնողներուն, տարեկան շուրջ 900.000.000 Լ.Ո.-ի զեղչեր տրամադրելով Ճեմարանի սաներուն. 2019-2020 տնտեսական դժուար պայմաններուն, Գրասենեակին կատարած զեղչերուն գումարը հասած էր 1.300.000.000 Լ.Ո.-ի:
Այս վերամուտին, ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ՀՕՄ-ի կատարած 25000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութեամբ, Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի 2020-2021 տարեշրջանի կրթաթոշակները կը զեղչուին 50%-ով:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ճեմարանին նեցուկ կանգնող մեր բոլոր ծնողներուն, բարեկամներուն եւ ճեմարանականներուն, վստահեցնելով, որ հաւաքական ճիգերով յառաջիկայ օրերուն պիտի կարենանք աւելի եւս թեթեւցնել մեր ծնողներուն բեռը:
Յաջողութիւն բոլորին:
Ճեմարանի Տնօրէնութիւն
