ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014-ին, Իւնէսքոյի մէջ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, մասնակցեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին ։ Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց հայկական պար մը եւ բարձր գնահատանքի արժանանալով առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ։ Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Աբովեան Սէրլի, Տէմիրճեան Մարիա, Այնթապլեան Նանար, Եահնիեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Խաչատուրեան Լորի, Մարգարեան Ռոզալին, Մաքտեսեան Լիլա, Փարլաքեան Սէրլի, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա: