ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2014-ին, տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Նոյն օրը Գ. դասարաններու աշակերտներուն նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արփաճեան բացատրեց, թէ ի՞նչպէս պիտի պատրաստեն Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին մանրակերտը: 1915-ի եղեռնի նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Յարգանք մեր նահատակներուն: Ձեր ուղին մե՛նք պիտի շարունակենք: