ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Ե.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները դպրոցի տարբեր սրահներուն մէջ ցեղասպանութեան մասին տեսերիզներ դիտելէ ետք, հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին, ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին։ Կրելով անոնց տանջանքին մէկ աննշան բաժինը, քալելով պիտի երթանք մինչեւ մայրավանք, ուր պիտի կատարուի աշակերտական հաւաք, Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին դիմաց»։ Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ քալեցին մինչեւ Մայրավանք՝ Ս. Ստեփանոսի մատրան դիմաց, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն հետ միասնաբար համախմբուուած իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: