Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 25 ԱՄԵԱԿ
Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2013-ին, Լսարանականի պահը յատկացուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 25 ամեակին։ Ձեռնարկի սկիզբը խօսք առաւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ ներկայացուց դպրոցի պատմութիւնը Նշան Փալանճեան Ճեմարանի օրերէն սկսեալ։ Երկրի անապահով վիճակով հանդերձ, այսօրուան Ճեմարանի կառոյցը իրականացաւ մաս առ մաս, երբեմն նոյնիսկ աշակերտներու օգնութեամբ՝ հիմնուելով Ճեմարանի հիմնադիրներուն…
