ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութեան առաջին դասախօսն էր Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի եւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի նախկին տնօրէն, արուեստաբան՝ Շահէն Խաչատրեան: Ան «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջ» բնանիւթը ներկայացուց սահապատկերներու ցուցադրութեամբ, որոնք կ’ակնարկէին 1894-96-ի համիտեան ջարդերուն եւ 1915-ի ցեղասպանութեան: Շահէն Խաչատրեան ներկայացուց նաեւ Այվազովսկիի գործերէն, ապա՝ Վարդգէս Սոըրէնեանցի, Գէորգ Բաշինջարեանի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Արշիլ Կորքիի, Յովհաննէս Սեմերճեանի (Ժանսեմ), Փօլ Կիրակոսեանի եւ ուրիշներու գործերը, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի թէ՛ հոգեկան եւ թէ ֆիզիքական տառապանքները: Ճիշդ է, որ այս նկարիչները հայեր են, սակայն անոնք նաեւ ճանչցուած են համաշխարհային գետնի վրայ: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայացումին: