ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին միութեան նախագահը՝ Ալիք Գանտահարեան, ներկայացուց միամեայ նախնական ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները: Frankfurther night, Կաղանդի խրախճանք, Ձիւնագնացութիւն, Բարեկենդան, Խորովածի երեկոյ, Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100 ամեակի նշում, Զարգացման մրցում,Արցախեան ազատագրութեան նուիրուած ձեռնարկ: Լսարանական Միութեան պատասխանատու Պրն. Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց այս տարուան խմբակները՝ Հայ Դատ, Հայկական Ձեռագործ, Աշխարհաքաղաքականութիւն, Հնագիտութիւն եւ Հայ Արուեստի Պատմութիւն: Լսարանական Միութեան Վարչութիւն