ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2012-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Պետրոս աշակերտները ծանօթացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժիններուն եւ եկեղեցական իրերուն, ապա աշակերտները Հայր Պետրոսի ձեռամբ ստացան Սուրբ հաղորդութիւնը։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2012-ին, Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան։ Դպրոցի մուտքին դեսպանը դիմաւորուեցաւ ճեմարանական Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտ աշակերտներու, տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի եւ Լսարանական Միութեան պատասխանատու Լիբանանեան Ողիմպիական Կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի կողմէ։ Դեսպանը անմիջապէս ուղղուեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակը, ուր ներկայ էր…

ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն դասանիւթի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 23 Մարտ 2012-ին Րաֆֆի Թոքաթլեան, որ բարձրացած է Արարատ լեռ, այցելեց Ճեմարան եւ Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ։ Րաֆֆի Թոքաթլեան անդրադարձաւ նաեւ լեռնագնացութեան օրէնքներուն եւ անհրաժեշտ իրերուն։ Ապա հիւր «լեռնագնացը» պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 31 Մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 110 000 ԱՄՆ տոլար, որուն 50 000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթը նախագահող Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Նորա Եագուպեանները: Ճաշկերոյթի ընթացքին, գեղարուեստական բաժինով ճեմարանական Իվոն…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի,4 Ապրիլ 2012-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին նապաստակին, աքլորին ու ծաղրածուին ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Իւրաքանչիւր դասարանի փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը: Փոքրիկները…

ՆԱՄԱԿ՝ ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»ի անուան Ճեմարանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, նախապէս հաղորդած էինք 6 Փետրուարէն 15 Փետրուար 2012, Երեւանէն երկու ուսուցիչներու՝ Աշխէն Գրիգորեանի եւ Արթուր Գաբրիէլեանի հիւրընկալութիւնը Ճեմարանի մէջ։ Յետ այս այցելութեան, Անանիա Շիրակացի Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդը Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան ուղղուած իր…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Շաբաթ, 31 Մարտ 2012-ին, Մոն Լա Սալի մէջ,մասնակցեցաւ Լեռնալիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց Արա Գէորգեանի երաժշտութեամբ պար մը եւ գրաւեց երկսեռ փոքրերու արտայայտչական պարի խմբաւորման առաջին դիրքը։ Աշակերտները շնորհիւ իրենց կատարողութեան եւ…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մարտ ամսուն, ամէն տարիներու նման եւ սիրայօժար կերպով, Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի դասախօսներէն Թամար Հաշէօլեան սեռային դաստիարակութեան տարբեր հանդիպումներ կազմակերպեց դպրոցիս 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններուն համար։ Այս հանդիպումներուն նպատակն էր՝ նախ սեռային դաստիարակութեան տարբեր երեսներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել արբունքի ընթացքին մէջ գտնուող մեր աշակերտներուն, ապա խմբական աշխատանքներու…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ «ՊԱՏԱՆԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ»ՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ (exposition des projets de science)

2012-ի Մարտ ամսուան ընթացքին, Դ., Ե., Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները գիտական խոյզեր կատարեցին, իրենց գիտութեան դասատուներուն հսկողութեամբ։ Անոնք սորվեցան, թէ ի´նչ է գիտական մեթոտը եւ թէ խուզարկող միտքը ի´նչպէս պէտք է ծրագրաւորէ իր փնտռտուքին տարբեր հանգրուանները՝ արդիւնաւէտ եւ շօշափելի փաստարկումներ գտնելու համար։ Գիտական մեթոտի զանազան հանգրուաններուն ծանօթանալով՝…

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 30 Մարտ 2012-ին Է. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ վերակենդանացուցին լիբանանեան ֆոլքլորը Չալեան սրահին մէջ, ուր ցուցադրուած էին աւանդական ձեռակերտ իրեր, անօթներ, հին նուագարաններ, համրիչներ ու զարդեղէն։ Պատրաստուած էր նաեւ լիբանանեան զանազան ճաշատեսակներով հարուստ սեղան մը։ Ուսուցչուհին ու աշակերտները հագած էին լիբանանցիի աւանդական տարազներ։ Աշակերտները բեմականացուցին…