«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Շաբաթ, 26 Փետրուար 2011-ին տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը, մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու միջնակարգի աշակերտներէն երեքական ներկայացուցիչներու։ Ուրբաթ, 11 Մարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին, ուր ընթերցուեցաւ Ակօս թերթի խմբագրութեան կողմէ այս առթիւ ուղարկուած նամակը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ դպրոցիս Թ. դասարանի աշակերտուհի Ալիք Գանտահարեան առաջին հանդիսացաւ եւ ստացաւ Տինքին նուիրուած յատուկ «նշանակ»ը, որ իբրեւ խորհրդանիշ պիտի պահուի Ճեմարանի մէջ եւ յառաջիկայ տարի փոխանցուի մրցանակակիր այլ դպրոցի մը։