ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿ

Ուրբաթ, 18 Մարտին նախակրթարանի Ե. Դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին։ Հայկական վարժարաններէ համախմբուած բազմաթիւ փոքրիկները ողջունելով, Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ տղաքը միշտ քաջ եղած են` մեկնաբանելով ձեռնարկին կարգախօսը նկատուած «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի» արտայայտութեան իմաստը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ` Մարալ Հարպոյեան, որ ներկայացուց օրուան իմաստը` նշելով անոր շարժառիթը եւ մանուկներու, յատկապէս հա՛յ մանուկի զարգացման նպաստող դերակատար գործօնները, ինչպէս` ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը, ԼՕԽ-ի կողմէ մատուցուող կրթանպաստներն ու առողջապահական-դաստիարակչական բնոյթի ձեռնարկները: Ապա խօսք առաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանը, որ սահիկներու (սլայտ) օգնութեամբ թուեց մանուկներու իրաւունքները: Տէյիրմենճեան թելադրեց քաջ ըլլալ, ինքնավստահ ըլլալ եւ չծածկել կարգ մը ծնողներու յանցագործութիւնները, երբ անոնք կը փորձեն ծեծել իրենց զաւակները: «Մենք իբրեւ չափահասներ եկած ենք հաստատելու, թէ կը պաշտպանենք ձեզ: Չլռել, չընդունիլ եղած անարդարութիւնը եւ չպաշտպանել յանցագործ մայրը: Դուք մեր ազգին ներկան ու ապագան էք, դո՛ւք պիտի ըլլաք վաղուան մեր առաջնորդները», ընդգծեց Մարալ Տեյիրմենճեան: Օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեան, ըսաւ. «Պէտք է ըլլաք քաջ, առողջ միտքով, արթուն միտքով, բայց ազնիւ հոգիով, որովհետեւ այլապէս այդ քաջութիւնը կրնաք սխալ ու գէշ բաներու եւ նպատակներու համար գործածել», դիտել տալով, որ աշխարհ կը սիրէ հզօրները: «Տկարներն ու վախկոտները չեն սիրուիր, արթուն եղէք եւ առողջ եղէք», շեշտեց Քեպապճեան: «Ձեր հոգին երբեք ձեզ չի դաւաճաներ, պահեցէք զայն ազնիւ», հաստատեց Քեպապճեան` երանելի նկատելով այսօրուան մանուկները, որոնք կ՚ապրին ու կը տեսնեն ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը: Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ փոքրիկներ քոնկ ֆուի այլազան մարզախաղերով ելոյթ ունեցան` մեծապէս խանդավառելով ներկաները: Ձեռնարկի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի տիաքոնիա գրասենեակին կողմէ պատրաստուած գրքոյկներ` մանուկներու իրաւունքներուն մասին: