ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 14 Մարտին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց գիտութեան դասի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տեսերիզին զուգընթաց իրենց տրուած բացատրութիւններուն, ապա դիտեցին թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող անասունները: Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին գիտութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները: