ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երեքշաբթի 15 եւ Չորեքշաբթի 16 Մարտին, Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակէն Տիկ. Սիլվա Քիւրքճեան Մանկապարտէզի եւ Տարրական բաժինի աշակերտներուն խօսեցաւ Զուարթնոց Կեդրոնի մասին, ներկայացնելով հոն յաճախողներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Տիկ. Սիլվա շեշտեց այդպիսի անձերու նկատմամբ հոգատար ու սիրալիր վերաբերում ունենալու կարեւորութիւնը, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ անոնց։ Աշակերտները խոստացան միշտ նեցուկ կանգնիլ իրենցմէ տկար անձերուն։ Անոնք նաեւ գոհունակութեան զգացումը ունեցան, երբ անդրադարձան որ իրենք այդպիսի հարցեր չունին, բայց նաեւ գիտեն ուրախացնել ուրիշները։