ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ CHAHINE ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Արաբերէն լեզուի դասապահի ընթացքին նուագարաններու վերաբերող համապատասխան բառապաշարի մը տիրանալէ ետք, Երկուշաբթի 21 Մարտին, Ե. դասարաններու աշակերտները այցելեցին նուագարաններու վաճառատուն եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք շրջեցան «Chahine» երաժշտական գործիքներ վաճառող հաստատութեան տարբեր բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացան տուեալ գործիքներուն, ինչպէս նաեւ ոմանք նուագեցին իրենց սորված կտորներէն: Այցելութեան աւարտին, վաճառատան պատասխանատուներուն կողմէ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն մը: