ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՔԱՐՏԷՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2011-ին ԺԱ. դասարանի գիտական բաժնի աշակերտներս, մեր ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցինք Ալէյի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի քարտէսագրութեան կեդրոն, ուր կը պատրաստուին, կը գծուին եւ կը տպուին քարտէսներ եւ զինուորական այլ գիրքեր։ Դիմաւորուեցանք գնդապետ Նազօ Գաբրիէլեանի կողմէ, ապա երկու խումբի բաժնուեցանք եւ այցելեցինք տպարանը, պատրաստութեան գրասենեակը եւ…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Մարզական թէ մշակութային զանազան ձեռնարկներու պատշաճող նորակառոյց «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահը այդ օր իր շքեղ յարդարանքով վերածուած էր իսկական անդաստանի մը, որ աւելի եւս…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 7 Մայիս 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3։30-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի ցուցահանդէսը՝ ներկայութեամբ տնօրէնութեան, Ճեմարանի անձնակազմին, ծնողներու եւ բարեկամներու։ Մանկապարտէզին բակը վերածուած էր հրաշալիքներու աշխարհի. ամէն կողմ գունաւոր, ամէն կողմ զարդարանք. հոս՝ Ծիծեռնակաբերդը, հոն՝ Շուշիի ազատագրումը, քիչ մը անդին՝ դղեակներ, պալատներ, իսկ չորս կողմերը՝ ծաղկամաններ, թաղարներ, ծաղիկներ,…

ՅԱՐԳԱՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ուրբաթ, 6 Մայիսին, միջնակարգի Ը., Թ. եւ երկրորդականի Ժ.,ԺԱ. դասարաններու աշակերտները, լիբանանահայ այլ վարժարաններու կողքին, մասնակցեցան Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպած, Նահատակաց տօնին առիթով ձեռնարկին եւ ծաղկեպսակներու զետեղումին` Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց։ Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ եւ Ճեմարանի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան: Ան հաստատեց, որ Մայիս 6-ի նահատակները առաջիններն…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 150 000 ԱՄՆ տոլար, որուն 50 000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթին նախագահող Տէր եւ Տիկին Սուրէն…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՊՏՈՅՏԸ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլին տեղի ունեցաւ անձնակազմին շրջապտոյտը դէպի արեւելեան Պեքաա։ Ուսուցիչներէ ու պաշտօնեաներէ բաղկացած 50 հոգինոց խումբին առաջին հանգրուանը Քսարայի քարայրն էր։ Քսարայի պատմութեան ծանօթանալէ ու գինին համտեսելէ ետք, Ճեմարանի անձնակազմը ուղղուեցաւ դէպի Ռաշայա գիւղ, ուր շրջագայելէ ետք, այցելեց պատմական Ռաշայայի բերդ։ Խումբը կէսօրին…

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՕՐ

Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլին, Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ժամանեցին առանց պայուսակի՝ կենսոլորտի նշանակը կրող յատուկ տարազներ հագած։ Թէեւ դպրոցական սովորական օր մը չէր, սակայն՝ նոյնքան դաստիարակիչ։ Տարրական բաժինէն մինչեւ երկրորդական, աշակերտ թէ ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն, տնտեսուհիներ, բոլորը լծուեցան աշխատանքի, եւ կենսոլորտի մասին բծախնդրօրէն պատրաստուած յատուկ ծրագիր մը…

ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Եւ ահա հասաւ դպրոցին աւարտը։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլի երեկոյեան, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի խորովածի երեկոն՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ ։ Ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, կերուխումէ ետք, աշակերտները պատմեցին իրենց դպրոցական յուշերէն։ Աւարտական դասարանէն Հրակ Գարագաշեան կիթառով նուագեց ու երգեց այս…