ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2010-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները եւ սորվելու կարելու հանգրուանները՝ «կը չափեմ», «կը ձեւեմ», «կը գնդասեղեմ» եւ «կը կարեմ»։

ՍՆՆԴԱՐԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ

Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2010-ին Ճեմարանի շրջանաւարտ, սննդագէտ Անի Տէյիրմենճեան այցելեց Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանները եւ փոքրիկներուն խօսեցաւ սննդարար ուտելիքներու մասին։

«ՀԱՆՐԻԷԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ 2009-2010 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, կնքամայրութեամբ՝ Տիկ. Արփի Մինասեան-Կոստանեանի։ Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց նոր շրջանաւարտները եւ մաղթեց որ անոնք եւս իրենց նախորդներուն նման ներդրում ունենան Միութեան աշխատանքներուն…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի բակին մէջ(Մըզհեր) նշուեցաւ աւանդական դարձած «Ճեմարանականի Օր»-ը, խորովածի երեկոյի մը ընդմէջէն: Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն մօտ 350 շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ, ճեմարանականներ եւ բարեկամներ մէկտեղուած էին: Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց ներկաները…

ԴԷՊԻ ՆԱԽԱՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2010… Ամբողջ դասարանով ճամբորդեցինք դէպի նախապատմական աշխարհ… Ժամը 10։15-ին ճամբայ ելանք դպրոցէն, ուղղուելով դէպի նախապատմական թանգարան մը, որ կը գտնուի ֆրանսական համալսարանի մը մէջ։ Հասանք ու մտանք ներս։ Մեզ դիմաւորեցին երկու երիտասարդ օրիորդներ։ Անոնցմէ մէկը քանի մը խօսքով ներկայացուց նախապատմական շրջանի կարեւոր հանգրուանները. նախ մարդը…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2010-ին Առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը։ Անոնք տպարանի մասին իրենց տրուած տեղեկութիւնները շօշափելի դարձուցին եւ կենդանի պատկերով դիտեցին տպագրական աշխատանքի մը բոլոր հանգրուանները։ Տպարան այցելութենէն ետք աշակերտները ուղղուեցան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ` ըմբոշխնելու համար արուեստի գործեր։ Առաջին դասարանի աշակերտներուն պտոյտ-այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին…

80 ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ «ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹՕՃԱԽ»

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը իր առաքելութեան ի սպաս դրած ճիգերով, կրթական մշակներու անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով, 21-րդ դարասկիզբի արդիականացման ու համաշխարհայնացման մարտահրաւէրները յաղթահարելով, այսօր կը հանդիսանայ «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումի գլխաւոր մրցանակակիրը։ Երկուշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան…

ԿԱՊՈՅՏ ԵՒ ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կապոյտ եւ վարդագոյն դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ յաջորդաբար 7 եւ 8 Հոկտեմբեր 2010-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր նախորդ տարուան ուսուցչուհիները կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին գոյները (կանաչ, կապոյտ եւ նարնջագոյն), իսկ վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն՝ թիթեռնիկ, արջուկ եւ ձուկ։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին, ապա ուսուցչուհիներուն հետ…

ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ 5 Հոկտեմբեր 2010-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր նախորդ տարուան ուսուցչուհիները փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին ձեւերը (քառակուսի, եռանկիւն, կլոր)։ Աշակերտները երգեցին ուսուցչուհիներուն հետ, ապա անցան իրենց դասարանները։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

Տարրականի Ա. եւ Բ. դասարաններու դասացուցակին վրայ այս տարի աւելցած են ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով պատմութեան պահեր՝ իւրաքանչիւրը շաբաթական մէկ պահ, որուն ընթացքին ուսուցիչը գլխաւոր նիւթի մը շուրջ պատմութիւն մը ներկայացնելէ ետք, աշակերտներուն հետ պիտի զրուցէ տուեալ նիւթին մասին։ Այսպիսով աշակերտները առիթը պիտի ունենան արտայայտուելու նաեւ օտար լեզուներով…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ «ՆՈՐ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ»

Տարրական բաժինի «նոր բնակիչները»՝ Ա. դասարանի աշակերտները, շուտով ընտելացան նոր միջավայրին։ Անոնք այժմ ունին տարբեր ձեւի գրասեղաններ, դասարաններ, մեծ ու ընդարձակ խաղավայր, նոր ուսուցիչներ…։ Վերամուտի առաջին շաբաթը Ա. դասարանի աշակերտները ուրախ-զուարթ դպրոց երթալ-գալէ ետք, Ուրբաթ օր բաժնուեցան ուսուցիչներէն իրենց հետ տանելով «Ես կը սիրեմ Ճեմարանը» գրչատուփերը։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2010-2011 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 15-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 20-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի 4 Հոկտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի…