ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, 15 Մարտ 2010-ին, տեղի ունեցաւ «Ընդհանուր առողջապահութիւն, ակռաներու խնամք եւ սննդականոն» նիւթով դասախօսութիւն մը Ե. դասարաններու աշակերտութեան համար: Դասախօսն էր Տոքթ. Իշխան Եղիայեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց նիւթը եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, Կիրակի, 14 Մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ 40 խաղացողներու: Այս մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Ալի Ժաուիշ: Ներկաներուն շարքին էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Հասան Ժունտի, Հասան Համմուտ եւ քարտուղար Շահատէ Ապու Նըմրի: Ճեմարանի աշակերտներ…

ՄԻՋԻՆՔ

Ճեմարանի աշակերտութեան կրթութիւն ջամբող, արտադասարանային աշխատանքներով ու այցելութիւններով անոր ընդհանուր զարգացումը հարստացնող եւ ընկերական առողջ մթնոլորտ ստեղծելու ճիգ չխնայող ուսուցիչները իրենց առօրեան եւս կը թարմացնեն ու կը ճոխացնեն զանազան առիթներով: Չորեքշաբթի, 10 Մարտին, երկրորդ զբօսանքէն սկսեալ ուսուցչարանէն ներս տեղի ունեցաւ արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած միջինքի հիւրասիրութիւնը: Տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը,…

80 ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏԻ ԹԵՐԹ (2)

Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներ կը շարունակեն Ճեմարանի գրասենեակներուն մօտ գտնուող պատի թերթը զարդարել 80 ամեակի գրութիւններով ու նկարներով: Մարտ ամսուան երկրորդ շաբթուան պատի թերթը յատկացուած է Ճեմարանի տնօրէններուն:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԵՔ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ…

Ինչպէս ամէն տարի, Լիբանանի «Մանուկներու իրաւունքը պաշտպանող յանձնախումբ»ի կազմակերպութեամբ, 22 Մարտին պիտի նշուի մանուկներու տօնը, որուն առիթով 6 Մարտին տեղի ունեցաւ երաժշտական մրցանք մը Լիբանանի Պետական Բարձրագոյն Երաժշտանոցէն ներս: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն տարբեր դպրոցներէ ու երաժշտանոցներէ եկած 127 մանուկներ մասնակցեցան այս մրցանքին: Մրցանակակիր 12 հոգիէն երեքը Համազգայինի Բարսեղ…

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Շաբաթ, 6 Մարտ 2010-ի յետմիջօրէի ժամը 1-ին Մօն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական պարի փառատօնը: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարաններու պարախումբը ելոյթ ունեցաւ հայկական գաւառական պարով մը եւ շահեցաւ Լեռնալիբանանի իր դասակարգին առաջնութիւնը: Նախքան շահող խումբը բեմ հրաւիրելը՝ դատական…

ԱԼԼԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

3 Մարտ 2010-ին, Լսարանական Միութիւնը հանդիպում ունեցաւ հայրենի երգչուհի Ալլա Լեւոնեանի հետ: Բացման խօսքը արտասանեց Վաչէ Ծատուրեան, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ մը նկատեց նշելու Ճեմարանի 80 ամեակը ու փաստելու թէ մենք կառչած կը մնանք մեր հիմնադիրներու ուղիին: Լսարանականները դիմաւորեցին Ալլա Լեւոնեանը երաժշտութեամբ: Վարանդա Եագուպեան ներկայացուց «Եարը մարդուն…

ԼԵՎԱՄ (ՖՈՒԹՊՈԼ)

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, 6 եւ 7 Մարտին տեղի ունեցան ֆութպոլի մրցումները, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի դաշտին վրայ: Կիրակի, 7 Մարտին Ճեմարանի միջակ տղաքը 8-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Շամլեան Թաթիկեանի աշակերտները: Շաբաթ, 20 Մարտին, ժամը 4:10-ին տեղի պիտի ունենայ Ս. Հռիփսիմեանց-Ճեմարան միջակ տղոց խաղը:

ԱԼԼԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող եւ լիբանանահայութեան սրտերուն շատ մօտիկ արուեստագէտը Հինգշաբթի, 4 Մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հմայեց ներկաները՝ երգելով կեանքի տարբեր պատկերները, հայուն իւրայատուկ ապրումները, մարդուն ամէնէն նուրբ զգացումները՝ իր կատարողական ուրոյն գրաւչութեամբ, ձայնային իւրայատուկ…

«ՏՈՔԹ. ԱՏՐԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ ՄԱՐԶՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՍՐԱՀ»Ի ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 3 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին: Հանդիսութենէն առաջ տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան քողազերծեցին սրահին անունը կրող յատուկ ցուցանակը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արին Գալուստեան: Ան յայտնեց,…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ (Զ. դասարաններ)

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, 2 Մարտ 2010-ին, Տոքթ. Պերճ Տաքէսեան Զ. դասարաններու աշակերտութեան ներկայացուց «Ընդհանուր առողջապահութիւն եւ սեռային դաստիարակութիւն» նիւթը: Դասախօսութեան աւարտին Տոքթ. Պերճ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ (Դ. դասարաններ)

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, 2 Մարտ 2010-ին, Դ. դասարաններու աշակերտներուն «Ընդհանուր առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը ներկայացուց Տոքթ. Գարմէն Պոյաճեան Մխճեան: Աշակերտները ուշադրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, որ հաճոյքով գոհացում տուաւ անոնց հետաքրքրութիւններուն: