ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ «ԳԻՔՈՐ»Ը

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2010-ին, Թ. դասարանի աշակերտները դիտեցին Թումանեանի «Գիքոր» պատմուածքին տեսերիզը: Անոնք իրենց հայերէնի դասանիւթին ընդմէջէն արդէն իսկ ծանօթ էին նիւթին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ամբողջական պատմուածքը եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները այդ ժամանակաշրջանի վիրահայութեան ու հայ գիւղացիութեան կենցաղին մասին: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, դասարանէն ներս տեղի ունեցաւ քննարկում…

ՃԵՄԱՐԱՆ ՇԱՀԵՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցան վազքի մրցումներ՝ տարբեր դասակարգերու մէջ: Վազքի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քսան վարժարաններու 411 երկսեռ աշակերտներ: Այս մրցաշարքին, կրտսեր աղջկանց 2400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարան յաջողեցաւ շահիլ երկրորդութիւն մը եւ երրորդութիւն մը: Արին Գասապեան 9 վայրկեան…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

2010 թուականը կը զուգադիպի Համազգայինի ճեմարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին եւ Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 75-ամեակին: Ճեմարանն ու Ճեմարանի շրջանաւարտները իրենց անուրանալի դերը ունեցած են սփիւռքահայութեան հայակերտումի առաքելութեան` յատկապէս ազգային դիմագիծ կերտելու գործին մէջ: 3 մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ ճեմարանը պատրաստեց ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ ազգային գործիչներ, որոնք իրենց կարգին սփիւռքի բազմաթիւ…