ՀԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ «եգիպտական» ցուցահանդէս մը: Արդարեւ ուսումնասիրելէ ետք հին Եգիպտոսի պատմութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը, Զ. դասարաններու աշակերտները եւ ընդհանուր պատմութեան դասատուն՝ Տիկ. Շողիկ Փելթէքեան-Դարբինեանը, միասնաբար գաղափարը յղացան դասարանին հետաքրքրութիւններն ու տպաւորութիւնները արտայայտելու ցուցահանդէսով մը, ուր ամէն աշակերտ փորձեց վերարտադրել…

ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Մայրերու օրուան եւ Հայաստանի անկախութեան տօնին զոյգ առիթներով, Երկուշաբթի, 24 Մայիսին նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու 15 աշակերտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ արտասանական մրցանք մը: Իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց պարտադիր եւ ազատ կտոր մը: Պարտադիր կտորներն էին Յ. Շիրազի «Կշեռք»ը (Ե. դասարան) եւ Հ. Սահեանի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը (Զ. դասարան): Դատական…

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԵՐԵԿՈՅ

Ուրբաթ, 21 Մայիս 2010-ի երեկոյեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանք մը՝ ի պատիւ ուսուցիչներ Օրդ. Ալին Հայաճեանին եւ Տիկ. Լինա Շուէյրիին, որոնք շուտով պիտի գաղթեն Լիբանանէն: Ժամը 3:00-ի զանգէն ետք, խումբ մը աշակերտներ մնացին դպրոց եւ կատարեցին խրախճանքին նախապատրաստական աշխատանքները, ուրիշ խումբ մը մեկնեցաւ անհրաժեշտ…

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2010-ին տարրական բաժնի Առաջին դասարանի աշակերտները նշեցին «մայրերու տօն»ը: Աշակերտները իրենց մամաներուն նուիրեցին արտասանութիւն, երգ, ձեռային աշխատանք եւ ծաղիկ: Անոնք իրենց մայրերուն հետ նախաճաշեցին, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները շատ հաճելի ժամանակ անցուցին, եւ մայրերը մեկնեցան ուրախ սիրտով:

ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2010-ին ատամնաբոյժ Ն. Տաքքաշ ամբողջ տարրական բաժնի աշակերտներուն խօսեցաւ ակռաներու առողջապահութեան կարեւորութեան մասին: Բացատրութիւնը ընթացաւ զրոյցի ձեւով: Շահաւէտ զրոյցէն ետք, փոքրիկները դիտեցին շատ հետաքրքրական cartoon մը՝ նոյն նիւթին առնչութեամբ: Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ «Colgate» ակռայի դեղ:

ԿԱՐԿԱՉ

Ուրբաթ, 14 Մայիս 2010-ին, Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահէն ներս, տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի աշակերտական ելոյթին, որ տեղի կ’ունենայ ամէն տարի Լիբանանի բոլոր հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար: Այս տարուան երգերը հայրենի երաժշտահան Արեգ Լուսինեանի ստեղծագործութիւններն էին, ինչպէս՝…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Չորեքշաբթի, 12 Մայիսին Գ. դասարանի աշակերտները այցելեցին կենդանաբանական պարտէզ, ուր հաճելի ժամանակ անցուցին դիտելով անասունները եւ հարստացնելով անոնց մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները: Դպրոց վերադարձի ճամբուն աշակերտները ճաշակեցին լիբանանեան պաղպաղակը:

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 11 Մայիսին Գ. դասարանի ուսուցիչներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը, որուն մասնակցեցան աշակետներն ու իրենց մայրերը (կամ հարազատները): Մասնակցող 9 խումբերը 20 նիշ հաւաքեցին եւ յաղթեցին: Մրցումի աւարտին բոլոր խումբերը 25 նիշը հաւաքեցին ու կենդանաբանական պարտէզ այցելութիւն մը ահահովեցին:

ՀԵԸ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ-ՍԵՒԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ. Անդրանիկ- Սեւան ակումբին Կիրակի, 9 Մայիսին, ՀԲԸՄ-ի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ (Հըրշ Թապեթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու 32 աշակերտներու: Տեղի ունեցած հինգ դասակարգի մրցումներուն տիրապետեցին ճեմարանի եւ Եղիշէ Մանուկեանի աշակերտները, որոնք տիրացան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն մեծամասնութեան: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված…

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» գրասենեակին, Շաբաթ, 8 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Թմրեցուցիչներն ու անոնց վտանգները» նախազգուշական թեմայով աշխատանքային սեմինար հայկական վարժարաններու աշակերտներուն համար: Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն Կարօ Ֆէսլեան, Սինթիա Աննայեան, Գէորգ Քեհեայեան եւ Փաթիլ Գրիգորեան մասնակցեցան սոյն սեմինարին, որ կը բաղկանար չորս հանգրուաններէ: Առաջին հանգրուանին տեղի ունեցաւ թմրամոլութեան երեւոյթին եւ…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 7 Մայիսին տեղի ունեցաւ ընկերային դաստիարակութեան վերաբերող դասախօսութիւն մը Դ. դասարաններու աշակերտներուն համար: Ճեմարանի խնամակալութեան անդամ Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան խօսեցաւ աշակերտ-աշակերտ, աշակերտ-ուսուցիչ եւ աշակերտ-ծնողք փոխ յարաբերութեան եւ յարգանքի մասին: Տիկ. Թամար շեշտեց ժամանակը օգտակար ձեւով բաժնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ այդ տարիքի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ CHAHINE ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Արաբերէնի դասի ընթացքին նուագարաններու մասին տեղեկանալէ եւ համապատասխան բառապաշարի մը տիրանալէ ետք, Երեքշաբթի 4 Մայիսին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին նուագարաններու վաճառատուն եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք շրջեցան «Chahine» երաժշտական գործիքներ վաճառող հաստատութեան տարբեր բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացան տուեալ գործիքներուն, ինչպէս նաեւ ոմանք նուագեցին իրենց սորված կտորներէն:…