ԿԱՐԿԱՉ

Ուրբաթ, 14 Մայիս 2010-ին, Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահէն ներս, տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի աշակերտական ելոյթին, որ տեղի կ’ունենայ ամէն տարի Լիբանանի բոլոր հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար: Այս տարուան երգերը հայրենի երաժշտահան Արեգ Լուսինեանի ստեղծագործութիւններն էին, ինչպէս՝ Երաժշտական Այբուբեն ժողովածուէն ընտրուած կտորներ, Քաջ Անդրանիկի նուիրուած երգը՝ Հայրենեաց Տաղարան ժողովածուէն եւ այլ կտորներ Լուսայգի Երգեր ժողովածուէն: Աշակերտները մեծ հաճոյքով հետեւեցան ելոյթին: