ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խումբը Մարտ ամսուն մասնակցեցաւ Լիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին: Անոնք ներկայացուցին Արա Գէորգեանի «Երուանդաշատ» ը եւ երկրորդ տարին ըլլալով առաջին դիրքը գրաւեցին փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ: Աշակերտները ստացան վկայական, եւ այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն իրենց դասարաններէն ներս: Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Նարինէ Գարագաւորեան, Գարին…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, 21 Ապրիլին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա պատասխանեցին թանգարանի այդ բաժնի հաղորդավարին հարցումներուն, որմէ ետք թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող…

ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին հնչեց դպրոցի վերջին զանգը ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն համար: Նոյն օրը, երեկոյեան, աւարտական դասարանի աշակերտութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան ու տնօրէնութեան, զանոնք հրաւիրելով ընթրիքի Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ: Ուրբաթ, 30 Ապրիլին, ԺԲ. դասարանի աշակերտները հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական կեանքին: Առաւօտեան անոնք դպրոց ներկայացան սովորական…