«Հազար ու մէկ գիտելիք ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ»

4 Յուլիս 2016-ին սկսաւ Ճեմարանի «Հազար ու մէկ գիտելիք ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ» դպրոցը, ուր «հանճարիկներ»ը մասնագէտներու հետ խաղալով գիտելիքներ կ’ամբարեն: «Հազար ու մէկ գիտելիք ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ» ծրագիրը կ’երկարի մինչեւ 12 Օգոստոս 2016:

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 16 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (1 շատ լաւ, 4 լաւ, 11 բաւական լաւ): Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Գրական դասարանէն՝ Կէօվշէնեան Միրնա, Գարտաշեան Լէթիսիա (շատ լաւ),…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, անձնակազմին,…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 18 Յունիս 2016-ին Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մանկամսուրի հանդէսը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ծնողներուն աւետեց մանկամսուրի նոր կառոյցի կառուցման ախատանքներուն սկզբնաւորութեան լուրը եւ վկայականները յանձնեց Մանկամսուրի «մեծ» փոքրիկներուն:  Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

100% ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊՐԷՕՎԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2015-2016 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն Թ. դասարանի 30 աշակերտները յաջողած են 4 շատ լաւ եւ 10 լաւ յիշատակութեամբ: Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Տեքէրմենճեան Սթեֆանի, Տէյիրմենճեան Սելին, Յակոբեան Փաթիլ, Քիւրքճեան Նարէ, Մերտխանեան Նարօտ (շատ…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 10 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ելոյթ ունեցան եւ…

ՆԱՐՕՏ ՍԵՐՈՒԺԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած միջ-դպրոցական ասմունքի եւ շարադրութեան մրցումներու պարգեւատրումը։ Կը շնորհաւորենք ԺԱ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեանը, որ երկրորդ հանդիսացաւ ասմունքի մրցանքին:

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Մենք՝ 6-րդ դասարանի աշակերտներս, տարուան սկիզբը Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասի պահուն սորվեցանք, որ Պատմութիւնը գիտութիւն է (հեքիաթ չէ) եւ պատմաբանին գործը տարբեր ձեւի եւ տեսակի աղբիւրներ ուսումնասիրելն է, ինչպէս՝ հին մատեաններ, հին շինութիւններ, արխիւներ, ինչպէս նաեւ՝ առօրեայ գործածուող հին օրերու իրեր: Մեզ շատ հետաքրքրեց այս վերջին բաժինը, եւ մեզմէ…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ մանկամսուրի անձնակազմին մանկավարժական կազմաւորումի օրը: Կազմաւորումը ընթացաւ երեք հանգրուանով. Նախ, ուղղավարժ (orthopédagogue) Օրդ. Արազ Քալաշեան բացատրեց Մարիա Մոնթեսորիի հիմնած դպրոցին սկզբունքները, ուր շեշտը կը դրուի զգայարանքներով շրջապատը ընկալելու կարեւորութեան վրայ: Այս ձեւը մեծապէս կը նպաստէ մանուկներու լեզուական աճին եւ հոգեշարժիչ հմտութիւններու (psychomotricité)…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Մանկամսուրի նորանոր աշխատանքները կ’ընդգրկեն montessori-ի զգայարանները զարգացնելու վարժութիւններ եւ խաղեր: Կեցցե՛ն մեր հինգ զգայարանները:

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին կազմակերպուած էր զարգացման մրցում մը միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտներուն համար: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Չալեան» սրահին մէջ: Մասնակցող 14 խումբերէն իւրաքանչիւրը կը բաղկանար 6 աշակերտներէ: Հարցումները կը վերաբերէին հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի: Շուրջ երկու պահ հաճելի եւ առողջ մթնոլորտի մէջ…

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Անոնք երգեցին եւ արտասանեցին երեք լեզուներով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք կամ խօսք մը ուղղեց իր մօրը, ապա մամաները եւ աշակերտները միասին ճաշեցին։ Յայտագիրը աւարտեցաւ սուրճի եւ կարկանդակի հիւրասիրութեամբ: Մամաները իրենց հետ տարին երկու գեղեցիկ…