ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Մենք՝ 6-րդ դասարանի աշակերտներս, տարուան սկիզբը Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասի պահուն սորվեցանք, որ Պատմութիւնը գիտութիւն է (հեքիաթ չէ) եւ պատմաբանին գործը տարբեր ձեւի եւ տեսակի աղբիւրներ ուսումնասիրելն է, ինչպէս՝ հին մատեաններ, հին շինութիւններ, արխիւներ, ինչպէս նաեւ՝ առօրեայ գործածուող հին օրերու իրեր: Մեզ շատ հետաքրքրեց այս վերջին բաժինը, եւ մեզմէ ոմանք Histoire-ի դասապահերուն սկսան տունէն բերելու իրենց նախնիներէն մնացած  իրեր եւ պատմելու անոնց պատմութիւնը:

Վերջապէս Դեկտեմբերին օր մըն ալ բոլորս որոշեցինք եւ մեր Histoire-ի ուսուցչուհիէն՝ Տիկին Շողիկէն, խնդրեցինք  որ այս իրերով պատրաստենք ցուցահանդէս մը: Ամէն մարդ սկսաւ իր տան մէջ փնտռելու հինէն մնացած իրեր եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ պրպտելու:

Մեր աշխատանքին միացաւ նաեւ համակարգիչի մեր ուսուցչուհին՝ Տիկին Փօլինը, որ մեզի սորվեցուց այս իրերուն լուսանկարները եւ անոնց մասին մեր գրած պատմութիւնները  տեղաւորել համակարգիչին ծրագիրին մէջ:

Այս բոլոր աշխատանքներէն 6 ամիս վերջ, մենք հասանք մեր նպատակին եւ 1 Յունիս  2016-ին, մենք կատարեցինք բացումը մեր ցուցահանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան Տնօրէնը, մեր ուսուցիչներն ու պատասխանատուները:

Ցուցահանդէսին ժամանակ կարելի էր լսել հայերէն հին եւ մեղմ երաժշտութիւն:  

Զ.  դասարանէն խումբ մը աշակերտներ