«ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Այս տարի Թարգմանչաց տօնը իւրայատուկ շուքով նշուեցաւ տարրական բաժինէն ներս:

Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2017-ին՝ երկրորդ զբօսանքին, տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան «Թումանեան» գրադարանի բացումը: Փոքր աշակերտներուն մօտ ընթերցանութեան սէրը արթնցնելու ճիգ մը, որ յուսանք իր արձագանգը կ’ունենայ:

Վարձքը կատար գրադարանի աշխատանքներուն մասնակցող բոլոր ուսուցիչներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն տիկ. Մարիա Ներսէսին եւ պրն. Գօգօ Արբաճեանին: