ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՈՒԽՏՈՎ՝ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԵՄԻՆ
Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր ԺԲ. դասարանէն Արին Թաշճեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «Ամառուան երկար արձակուրդէն ետք նորէն միասին ենք: Նորէն հաւաքուած ենք մեր հարազատ Ճեմարանի բակին մէջ, դարձեալ կը հանդիպինք մեր ուսուցիչներուն, դարձեալ գտած ենք մեր…