ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷՆ՝ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2024-ին, միջնակարգի աշակերտներուն հիւր դասախօսն էր քաղաքագէտ Եղիկ Թաշճեան: Ան նախ հակիրճ ձեւով թուեց ղեկավարի մը յատկութիւնները մէջբերումներ կատարելով Մաքիավելիի «Իշխանը» գիրքէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց թշնամին ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը, օրինակներ տալով «Պատերազմի արուեստը» ուսումնասիրութենէն, որուն հեղինակն է չինացի ռազմագէտ Սուն Ցու: Ապա արցախեան ազատագրական պայքարէն սկսելով,…

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՅԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Սորվելէ ետք Պարոյր Սեւակի «Երեւան֊Էրէբունի» բանաստեղծութիւնը, Հինգշաբթի 14 եւ Ուրբաթ 15 Նոյեմբեր 2024-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն ներկայացուցին Երեւան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող զանազան յուշարձաններու, թանգարաններու եւ խորհրդանիշներու մասին իրենց պատրաստած խոյզերը։ Այս աշխատանքով անոնք հարստացուցին իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ՝ հայերէն լեզուի բառամթերքն ու բանաւոր արտայայտութիւնը։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ին, առաջին զբօսանքի աւարտին, Ճեմարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնի նշում եւ 2024-2025 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի հաւաք: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան նախ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը, մաղթելով որ շուտով խաղաղութիւն հաստատուի եւ բոլոր գաղթական աշակերտները նոյնպէս…

«ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ»՝ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ե. դասարանի ֆրանսերէն լեզուին տարեկան ծրագիրին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ «մարդու իրաւունքներ» նիւթը. հետեւաբար լաւապէս աշխատելէ ետք այս ծիրէն ներս, աշակերտները այս նիւթին շուրջ կատարեցին խմբային աշխատանքներ, ուր անոնք ներկայացուցին նշանաւոր դէմքեր, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին պաշտպանած են մարդու իրաւունքները:

«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՍԵԼԻՆ ՔԻԼԷՃԵԱՆ ԵՒ ՄԵՂՐԻ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՆԱՐՕՏ ԳԱՆՏԱՔԱՐՃԵԱՆ ԵՒ ԱՐՄԷՆ ՄԽՃԵԱՆ՝ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական մրցանքին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Սելին Քիլէճեան հանդիսացաւ առաջին: Միջնակարգէն՝ Մեղրի Գասապեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Արմէն Մխճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Նախակրթարանէն Նարօտ Գանտաքարճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան:

ՈՍՏԻԿԱՆ ԿԱՐՕՆ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզ այցելեց ոստիկան Կարօն: Ան կապոյտ դասարաններու փոքրիկներուն ներկայացուց ոստիկանին տարազը եւ խօսեցաւ ոստիկանին պարտականութիւններուն մասին:

ԴՊՐՈՑԻ ՄԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ե. դասարանի աշակերտները ծանօթանալէ ետք 1800-ականներու Տէր Թոդիկի դպրոցին, ինչպէս նաեւ՝ 2200-ականներու ենթադրեալ դպրոցին, սորվեցան գրել դպրոցի մը նկարագրութիւնը, ապա ուղղուեցան Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր, ուր ծանօթացան կառոյցի տարբեր մասերուն եւ մանուկներու դպրոցական ծրագիրին։ Այցելութենէն ետք, անոնք վերադարձան դասարան եւ նկարագրական շարադրութիւն մը գրեցին իրենց տեսած…

ՄԵՐ ԱՍՏՂԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐԸ

Աշխարհագրութեան դասապահերը ընթացք առին մեծ խանդավառութեամբ: 2024-2025 տարեշրջանի Դ. դասարանի աստղանաւորդները , նախ ուղղուեցան դէպի միլիառաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած տիեզերքը, ուր կը գտնուին երկնաքարեր, ասուպներ, Արեգակն ու իր ընտանիքը, որ կը կազմուի ութ մոլորակներէ՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրանոս, Նեբթոն. ուսումնասիրեցին արեգակնային դրութիւնը, ապա լաւ ծանօթացան…

ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Միջնակարգի Ը. դասարանի հայերէն լեզուի հատուածներէն Գրիգոր Զօհրապի «Ալպեաններն ի վեր» դասին կապակցութեամբ` Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2024-ին, աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում ունեցան Արարատ լեռ բարձրացած` Թ. դասարանի աշակերտներէն Վեհ-Քրիստ եւ Գալէ- Դրոյ Հարպոյեաններուն հետ: Անոնք նախ խօսեցան լեռնագնացութեան, լեռնագնացներու ֆիզիքական պատրաստութեան մասին եւ հեռարձակումով ցոյց տուին լեռնագնացներու…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 17 Սեպտեմբեր 2024-ի վերամուտը շաբաթ մը ետք ընդհատուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական վիճակին պատճառով: Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան յայտարարութեան ընդառաջելով, համեմատաբար խաղաղ շրջաններու մէջ դպրոցները հետզհետէ վերսկսան սովորական դասաւանդութեան: Ճեմարանը նոյնպէս, այս արտակարգ պայմաններուն…

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը գուժէ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ բարերար, մանկաբոյժ՝ ՏՈՔԹ. ԱՏՐԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, Երուսաղէմի մէջ: Տոքթ.Ատրինէ Գարագաշեան ծնած է 1927-ին, Լիբանան: Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան շրջանին,  շրջանաւարտ դարձած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, որմէ ետք՝ բժշկական համալսարանէն: 1951-էն մինչեւ…