ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷՆ՝ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2024-ին, միջնակարգի աշակերտներուն հիւր դասախօսն էր քաղաքագէտ Եղիկ Թաշճեան: Ան նախ հակիրճ ձեւով թուեց ղեկավարի մը յատկութիւնները մէջբերումներ կատարելով Մաքիավելիի «Իշխանը» գիրքէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց թշնամին ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը, օրինակներ տալով «Պատերազմի արուեստը» ուսումնասիրութենէն, որուն հեղինակն է չինացի ռազմագէտ Սուն Ցու: Ապա արցախեան ազատագրական պայքարէն սկսելով, ան անդրադարձաւ Արցախի վերջին տարիներու պատերազմներուն, թշնամի պետութիւններու ձգտումներուն, Հայաստանի վարած քաղաքականութեան  եւ Սիւնիքի աշխարհատնտեսական կարեւորութեան ու թուրք-ազրպէյճանական «Զանգեզուրեան միջանցք»ի ծրագիրին: Դասախօսութեան աւարտին նաեւ խօսեցաւ Սիոնիզմի նպատակին եւ  Իսրայէլ-Հըզպալլա հակամարտութիւններուն մասին:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ: