ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՅԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Սորվելէ ետք Պարոյր Սեւակի «Երեւան֊Էրէբունի» բանաստեղծութիւնը, Հինգշաբթի 14 եւ Ուրբաթ 15 Նոյեմբեր 2024-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն ներկայացուցին Երեւան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող զանազան յուշարձաններու, թանգարաններու եւ խորհրդանիշներու մասին իրենց պատրաստած խոյզերը։ Այս աշխատանքով անոնք հարստացուցին իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ՝ հայերէն լեզուի բառամթերքն ու բանաւոր արտայայտութիւնը։