Model United Nations (MUN)

Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերին, 2019-2020 տարեշրջանի MUN-ի մասնակից Ժ. դասարանի աշակերտներու պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ առաջին դասընթացքին, LAU համալսարանէն ներս։

ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԱՂԱՍԻ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԹԱԼԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-ին Ճեմարան այցելեցին հայրենի արուեստագէտներ Աղասի եւ Արտաւազդ Թալալեանները: Անոնք հանդիպում ունեցան Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի եւ վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեանի հետ, ապա ուղղուեցան դէպի բակ, ուր երկրորդական բաժինի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին հայրենի արուեստագէտները: Աշակերտները յայտնեցին իրենց սէրն ու կարօտը Հայաստանի հանդէպ: Նոյն զգացումներով,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները այցելեցին Ճեմարանի տնօրէնութեան բաժինը եւ ծանօթացան անոր պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ գրասենեակային աշխատանքներուն:

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ՝ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մանկավարժական մեթոտներու արդիականացումը եւ զանազան միջոցներով մեր աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները զարգացնելը Ճեմարանի առաջնահերթութիւններէն են։ Առ այդ, մեր նախկին ուսուցիչներէն հանգուցեալ Գրիգոր Շահինեանի մահուան 10-ամեակին առիթով կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարով գնուեցան «թապլէթ»ներ, որպէսզի աշակերտները արդիական միջոցները օգտագործելով եւ խաղալով ամրապնդեն իրենց գիտելիքները։ Այսու մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր նուիրատուներուն,…

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈ3Ն ՄԱՐՄԻՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ճեմարան այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը: Անոնք հանդիպեցան նախ տնօրէնութեան, ապա՝ աւարտական դասարանի աշակերտութեան հետ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ծանօթանալէ ետք Ճեմարանի առօրեային, դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան մասին՝ փոքրիկ Հայաստանի մը նմանցնելով Լիբանանը,…

ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ին, Վարդագոյն դասարանի երեխաներուն ժամանումով ամբողջացաւ Մանկապարտէզի 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը:

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ նշեցին 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը: 

ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ նշեցին 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը:

“DIGITAL ETIQUETTE”

Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2019-ին, Etiquette-ի եւ փափուկ դիւանագիտութեան մասնագէտ՝ Իրմա Վարդանեան Պալեան այցելեց Ճեմարան եւ երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Digital Etiquette» նիւթը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան շահեկան այս զրոյց-դասախօսութեան։ Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իրմա Վարդանեան Պալեանին։

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի առաջին ուսուցչական ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2019-2020 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ճեմարանի աշակերտութեան թիւի ընդհանուր պատկերը ներկայացնելէ ետք, ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 12-ին Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 18-ին միջնակարգի դասարանները ամբողջացան Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն վերամուտով: 25 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի եւ տարրական բաժինի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 26 Սեպտեմբերին, տարրական բաժինի…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՌԱՖՖԻ ԵՒ ԱՆԵԼԿԱ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

14 Ապրիլ 2018-ին հանդիսաւոր կերպով բացուած Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը արդէն իսկ տուաւ իր առաջին հունձքը` անմեղութիւն բուրող եւ տարուած աշխատանքին խօսուն մէկ պատկերը հանդիսացող նախաձեռնութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ծաղկաձորի մէջ գտնուող մանկամսուրի շրջափակին մէջ: Ներկաները ողջունեց «Ռաֆֆի…