ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՊԱՀ ՄԸ
Թուաբանութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ա. դասարանի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կը բացատրէ իր սորված դասը՝ գտնել կորսուած թիւերը:
Թուաբանութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ա. դասարանի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կը բացատրէ իր սորված դասը՝ գտնել կորսուած թիւերը:
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Տարրականի Բ. դասարանի աշակերտները, գիտութեան դասապահուն, այցելեցին դպրոցին պարտէզը, ուր ծանօթացան բոյսերուն եւ պարտէզին զանազան աշխատանքներուն:
Չորեքշաբթի 20 եւ Հինգշաբթի 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայող տիկին Սիլվա Սողոմոնեանը այցելեց Տարրական բաժնի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանները՝ աշակերտները իրազեկ դարձնելու համար Լիբանանի անկախութեան տօնին մասին: Տիկին Սիլվային հետ զրոյցին ընդմէջէն, աշակերտները եզրակացուցին, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ անկախ եւ ձգտիլ ազատութեան եւ անկախութեան՝ իբրեւ…
Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, մենք՝ միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներս, Թարգմանչաց տօնին առիթով լսեցինք դասախօսութիւն մը լեզուի կարեւորութեան մասին, մեկնելով Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին յառաջաբանէն, զոր կը կարդայինք ու կը վերլուծէինք: Յայտագիրը սկսաւ լեզուի կարեւորութեան մասին Գալին Գիլէճեանի ընթերցումով, այնուհետեւ Կարին Եղիայեան բացման խօսքը կատարեց եւ ներկայացուց դասախօսը՝…
Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերին, 2019-2020 տարեշրջանի MUN-ի մասնակից Ժ. դասարանի աշակերտներու պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ առաջին դասընթացքին, LAU համալսարանէն ներս։
Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-ին Ճեմարան այցելեցին հայրենի արուեստագէտներ Աղասի եւ Արտաւազդ Թալալեանները: Անոնք հանդիպում ունեցան Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի եւ վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեանի հետ, ապա ուղղուեցան դէպի բակ, ուր երկրորդական բաժինի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին հայրենի արուեստագէտները: Աշակերտները յայտնեցին իրենց սէրն ու կարօտը Հայաստանի հանդէպ: Նոյն զգացումներով,…
Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները այցելեցին Ճեմարանի տնօրէնութեան բաժինը եւ ծանօթացան անոր պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ գրասենեակային աշխատանքներուն:
Մանկավարժական մեթոտներու արդիականացումը եւ զանազան միջոցներով մեր աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները զարգացնելը Ճեմարանի առաջնահերթութիւններէն են։ Առ այդ, մեր նախկին ուսուցիչներէն հանգուցեալ Գրիգոր Շահինեանի մահուան 10-ամեակին առիթով կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարով գնուեցան «թապլէթ»ներ, որպէսզի աշակերտները արդիական միջոցները օգտագործելով եւ խաղալով ամրապնդեն իրենց գիտելիքները։ Այսու մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր նուիրատուներուն,…
Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ճեմարան այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը: Անոնք հանդիպեցան նախ տնօրէնութեան, ապա՝ աւարտական դասարանի աշակերտութեան հետ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ծանօթանալէ ետք Ճեմարանի առօրեային, դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան մասին՝ փոքրիկ Հայաստանի մը նմանցնելով Լիբանանը,…
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ին, Վարդագոյն դասարանի երեխաներուն ժամանումով ամբողջացաւ Մանկապարտէզի 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը:
Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ նշեցին 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը:
Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ նշեցին 2019-2020 ուսման տարեշրջանի վերամուտը: