ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի 20 եւ Հինգշաբթի 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայող տիկին Սիլվա Սողոմոնեանը այցելեց Տարրական բաժնի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանները՝ աշակերտները իրազեկ դարձնելու համար Լիբանանի անկախութեան տօնին մասին:

Տիկին Սիլվային հետ զրոյցին ընդմէջէն, աշակերտները եզրակացուցին, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ անկախ եւ ձգտիլ ազատութեան եւ անկախութեան՝ իբրեւ քաղաքացիներ, թէ ինչպէս կրնան ըլլալ Լիբանանի օրինակելի քաղաքացիներ եւ թէ որքանով կրնան ծառայել իրենց երկրին:

Աշակերտներուն հետ արծարծուեցաւ նաեւ երկու հայրենիքի պատկանելիութեան գաղափարը: Անոնց բացատրուեցաւ, որ մենք թէեւ հայ ենք եւ մեր հայրենիքը Հայաստանն է, սակայն տրուած ըլլալով, որ մեր ծննդավայրը Լիբանանն է, վերջինս կը համարուի մեր երկրորդ հայրենիքը: Հետեւաբար մենք, որպէս Լիբանանի քաղաքացիներ, պէտք է գուրգուրանք մեր Լիբանանին եւ գործօն դեր ունենանք անոր բարգաւաճման, վերելքին եւ անկախութեան պահպանման մէջ:

Հանդիպումներուն ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Լիբանանի դրօշակին գոյներուն եւ խորհրդանշական մայրիի ծառին, ինչպէս նաեւ անկախութիւն կերտած հերոսներուն եւ առաջին նախագահ Պշարա ալ-Խուրիի մասին:

Աշակերտները ընկերային ծառայողին ուղղեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի պատկանելիութեան մասին հետաքրքրական հարցումներ, որմէ ետք միասնաբար երգեցին Լիբանանի քայլերգը:

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Բաժնի աշակերտները հայրենասիրական երգերով եւ արտասանութիւններով նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը, որմէ ետք տողանցելով բարձրացան իրենց դասարանները: