Տարրական բաժինի աշակերտները մեծ ուրախութեամբ կը տօնեն Կաղանդը
ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔ
Կաղանդի տօնակատարութիւններուն նախօրեակին, Ճեմարանի ընկերային ծառայողները շրջեցան դպրոցին բոլոր դասարանները եւ ընտրեցին իւրաքանչիւր բաժինի լաւագոյն զարդարուած ու մաքուր դասարանը, տարրական բաժինէն՝ Ա.2, նախակրթարանէն՝ Ե.2, միջնակարգէն՝ Ը.1, իսկ երկրորդական բաժինէն՝ Ժ.2: Այս առիթով, անոնք յաղթող դասարաններուն աշակերտները հիւրասիրեցին տաք շոքոլայով:
ՄԱՐԶԱՆՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2024-ին, Ճեմարանի մարզանքի ուսուցիչները այցելեցին մանկապարտէզ եւ կանաչ դասարաններու աշակերտներուն խօսեցան մարզանքի կարեւորութեան մասին: Փոքրիկները հետեւեցան մարզիչներուն ցուցմունքին եւ տարբեր-տարբեր մարզանքներ ըրին:
ԱՇՈՒՆ
Աշուն է: Օդը պաղ է: Դաշտերը զարդարուած են աշնանային գոյներով: Աշնան բառային դաշտը լաւ սորվելէ ետք, հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը: Անոնք ճեմեցին զարդարուն բնութեան մէջ, գոյնզգոյն ու չորցած տերեւներ հաւաքեցին: Իրենց քննական միտքն ու երեւակայութիւնը զարգացնելու նպատակով անոնք ստեղծեցին չոր…
ՏԱՐԲԵՐ-ՏԱՐԲԵՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐ
Լեզուն հաղորդակցութեան, արտայայտումի եւ միտքերու փոխանցումի միջոց է: Մարդիկ իրենց գաղափարները, զգացումները եւ տեղեկութիւնները կը փոխանակեն լեզուի միջոցով: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հազարաւոր եւ տարբեր տեսակի լեզուներ իւրայատուկ հնչիւնաբանութեամբ, քերականութեամբ եւ բառապաշարով, ինչպէս՝ բանաւոր լեզու, գրաւոր լեզու, շարժումներով եւ ձեւերով լեզուներ: Այսպէս, հայերէնի դասապահուն, «Տարբեր-տարբեր լեզուներ» բնաբանի ծիրէն…
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ
Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութիւնը, համագործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, 2024-2025 տարեշրջանին համար կը գործադրէ բանավէճի ծրագիր մը, որուն կը մասնակցին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ: Ճեմարանի Ժ. դասարանի աշակերտուհիներ՝ Էլենա Յովակիմեան եւ Մեղրի Գասապեան, կը մասնակցին այս ծրագիրին, որուն բացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2024-ին, Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութեան…
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷՆ՝ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2024-ին, միջնակարգի աշակերտներուն հիւր դասախօսն էր քաղաքագէտ Եղիկ Թաշճեան: Ան նախ հակիրճ ձեւով թուեց ղեկավարի մը յատկութիւնները մէջբերումներ կատարելով Մաքիավելիի «Իշխանը» գիրքէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց թշնամին ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը, օրինակներ տալով «Պատերազմի արուեստը» ուսումնասիրութենէն, որուն հեղինակն է չինացի ռազմագէտ Սուն Ցու: Ապա արցախեան ազատագրական պայքարէն սկսելով,…
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՅԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Սորվելէ ետք Պարոյր Սեւակի «Երեւան֊Էրէբունի» բանաստեղծութիւնը, Հինգշաբթի 14 եւ Ուրբաթ 15 Նոյեմբեր 2024-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն ներկայացուցին Երեւան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող զանազան յուշարձաններու, թանգարաններու եւ խորհրդանիշներու մասին իրենց պատրաստած խոյզերը։ Այս աշխատանքով անոնք հարստացուցին իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ՝ հայերէն լեզուի բառամթերքն ու բանաւոր արտայայտութիւնը։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ
Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ին, առաջին զբօսանքի աւարտին, Ճեմարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնի նշում եւ 2024-2025 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի հաւաք: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան նախ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը, մաղթելով որ շուտով խաղաղութիւն հաստատուի եւ բոլոր գաղթական աշակերտները նոյնպէս…
